Թենիս. «Ռոլան Կարոս». Նատալ Յաղթեց Տիոքովիչի Եւ Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց
Երէկ տեղի ունեցաւ թենիսի «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տղոց աւարտականի յետաձգուած մրցումը` թիւ 1 դասուած սերպ Նովաք Տիոքովիչի եւ 2-րդ դասուած սպանացի Ռաֆայէլ Նատալի միջեւ:
Նշենք, որ տեղացող անձրեւուն պատճառով այդ մրցումը կիրակի օր կիսատ մնացած էր:
Սպանացին ոչ միայն տիրացաւ տիտղոսին, այլեւ յաջողեցաւ այս մրցաշարքին ծիրին մէջ նոր մրցանիշ մը հաստատել` անոր տիրանալով 7-րդ անգամ ըլլալով: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր շուէտացի Պիոռն Պերկի:
Նշենք, որ Նատալ արձանագրեց 6-4, 6-3, 2-6 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը:
CATEGORIES Մարզական


