Եուրօ-2012. Շեվչենքօ Կերտեց Ուքրանիոյ Տպաւորիչ Յաղթանակը (2-1). Անգլիա – Ֆրանսա` 1-1

Անտրիյ Շեվչենքօ (ձախին) կը նշանակէ իր երկրորդ կոլը

Երէկ` Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն չորրորդ օրը, տեղի ունեցան երկու այլ ճակատումներ եւս, այս անգամ` Դ. խմբակին մէջ: Այսպիսով, մրցաշարքին մասնակցող 16 խումբերը կատարած եղան մէկական մրցում:

Քիեւի ողիմպիականի դաշտին վրայ տեղի ունեցած երէկ գիշերուան Ուքրանիա – Շուէտ մրցումը պէտք է ըսել, որ եղաւ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը` լեցուն բազմաթիւ առիթներով: Թէեւ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն Բ. կիսախաղին նշանակուեցաւ երկու կոլ:

55-րդ վայրկեանին Զլաթան Իպրահիմովիչ բացաւ մրցումին հաշիւը` պարտութեան մատնելով Ուքրանիոյ բերդապահ Անտրիյ Փիաթովը: Անոր նշանակած կոլէն երեք վայրկեան ետք սակայն, 35 տարեկան Անտրիյ Շեվչենքօ, գլխու սքանչելի հարուածով մը նշանակեց իր կազմին` Ուքրանիոյ հաւասարութեան կոլը: Այդ կոլէն հինգ վայրկեան ետք ան դարձեալ գլխու ուժգին հարուածով մը նշանակեց դաշտին տէրերուն երկրորդ եւ յաղթանակի կոլը:

Ժոլէոն Լեսքոթ (թիւ 15)

Այսպիսով, Ուքրանիա, որ կը նկատուի այս խմբակին աութսայտըրը, յաջողեցաւ ապահովել մրցաշարքի իր առաջին երեք կէտը` շնորհիւ իր մարզիկներուն կողմէ ցուցաբերուած պայքարի ոգիին:

Նախքան այս մրցումը, Տոնեցքի Տոնպաս Արենային մէջ իրարու դէմ յանդիման եկան Անգլիա եւ Ֆրանսա: Անոնց միջեւ այս հանդիպումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով, երբ երկու կոլերն ալ նշանակուեցան Ա. կիսախաղին: Ժոլէոն Լեսքոթ նշանակեց Անգլիոյ կոլը (30-րդ), իսկ Սամիր Նասրի` Ֆրանսայի հաւասարութեան կոլը (39-րդ):

Հակառակ իր արձանագրած այս հաւասարութեան, Ֆրանսա յաջորդաբար 22-րդ մրցումն ըլլալով մնաց անպարտելի:

Այսօր տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ` Ա. խմբակին մէջ, հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).

ԺԱՄ

Ֆրանսայի կոլը` Անգլիոյ բերդին մէջ

Յունաստան – Չեխիա 19:00
Լեհաստան – Ռուսիա 21:45

Զլաթան Իպրահիմովիչ (թիւ 10)

Share this Article
CATEGORIES