Ըմբշամարտ. Գէորգ Սահակեան` Տիտղոսակիր

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէն կը հաղորդէ, որ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած յունահռոմէական ըմբշամարտի միջազգային տարեկան մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի ներկայացուցիչներէն լաւագոյն արդիւնքը արձանագրելով տիտղոսակիր հանդիսացած է Գէորգ Սահակեան, որ 66 քկ դասակարգին մէջ արձանագրած է բացառիկ արդիւնքներ:

Ան չորս յաղթանակ արձանագրելով գրաւած է առաջին դիրքը` տիրանալով տիտղոսին:

Ատկէ բացի, ան հանդիսացած է նաեւ մրցաշարքին լաւագոյն ըմբիշը:

 

Share this Article
CATEGORIES