2013-Ի Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Այսօր` Հայաստան – Անտորրա

Երէկ Երեւան ժամանեց Անտորրայի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականը, որ 2013-ի Եւրոպայի երիտասարդներու ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ այսօր հիւրը պիտի ըլլայ Հայաստանի: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ:

Անդրադառնալով այսօրուան այս մրցումին` հայրենի կազմի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ մրցումը այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ` նկատի ունենալով, որ մրցակից կազմը բաւական լաւ յատկութիւններով օժտուած խումբ մըն է եւ անոր մարզիկներուն մօտ զգալի է պայքարի ոգին:

Ինչ կը վերաբերի հայրենի կազմին կատարած փորձերուն, Նազարեան ըսաւ, որ իր մարզիկները շատ լաւ վիճակի մէջ են եւ իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն` ապահովելու համար առաւելագոյն երեք կէտը:

 

Share this Article
CATEGORIES