2014-Ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Ասիոյ Գօտի. Այսօր` Հարաւային Քորէա – Լիբանան

Տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսէն եւ...

Ասիոյ գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենայ Հարաւային Քորէա – Լիբանան մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 14:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:

Անդրադառնալով այսօրուան այս մրցումին` երէկ Լիբանանի գերմանացի մարզիչ Թէօ Պոքըր տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ան վեր առաւ Լիբանանի մարզիկներուն ունեցած մարտական ոգին, մանաւանդ Ուզպեքիստանի դէմ անոնց ցուցաբերած բացառիկ խաղարկութիւնը:

Այդ մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցաւ նաեւ խումբին խմբապետ Եուսեֆ Մոհամետ:

Լիբանանէն պիտի բացակային Ռիտա Անթար եւ Մահմուտ Ալի: Անոնց միացաւ նաեւ Հայսամ Ֆաուր, որ նախքան Լիբանանէն մեկնիլը (նախորդ ուրբաթ), անհանգստանալով փոխադրուած էր հիւանդանոց եւ ենթարկուած քննութիւններու ու բուժումի:

... փորձերէն

Քանի մը փորձերէ ետք Պոքըր շատ հաւանաբար դաշտ ներկայացնէ հետեւեալ կազմը. Զիատ Սամատ (բերդապահ), Ուալիտ Իսմայիլ, Եուսեֆ Մոհամետ, Պիլալ Շէյխ Նաժժարին, Ռամեզ Տիուպ, Ալի Շամըս, Ապպաս Աթուէ, Հիւսէյն Տաքիք, Հասան Մաաթուք, Հասան Մոհամետ եւ Ահմետ Զըրիք:

Այսօրուան մրցումին Լիբանան դաշտ պիտի ներկայանայ ամբողջութեամբ ճերմակ տարազով, մինչ բերդապահը` սեւ տարազով, իսկ Հարաւային Քորէայի մարզիկները` կարմիր շապիկով, կապոյտ շորթով եւ կարմիր գուլպայով, մինչ բերդապահը` դեղին տարազով:

Այլ գետնի վրայ, Սէուլի մէջ Լիբանանի դեսպանատան մաս կազմող երկու անձեր` Մայա Տաղեր եւ Ռապիհ Շարաֆէտտին, այցելեցին Լիբանանի պատուիրակութեան իջեւանած վայրը եւ տեսակցութիւն ունեցան Լիբանանի պատուիրակութեան նախագահ եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Համբիկ Միսաքեանի եւ այլ պատասխանատուներու հետ` խումբին մաղթելով յաջողութիւն:

Նշենք, որ իր այսօրուան մրցումը կատարելէ անմիջապէս ետք, լիբանանեան պատուիրակութիւնը մեկնելով Սէուլի օդակայանը կը վերադառնայ Պէյրութ:

Share this Article
CATEGORIES