Մէկ Ծաղիկով…

Յ. Մ.

Ընթացիկ տարին «Հայ գիրքի տարի» հռչակելը ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցաւ շրջապատին վրայ: Բացի կազմակերպուած դասախօսութիւններէն ու ցուցահանդէսներէն, կամ հրատարակուած նոր գիրքերէն, քանի՞  չընթերցող ընթերցող դարձաւ, քանի՞ գրադարան աճ արձանագրեց ընթերցման տրամադրուած գիրքերու:

Հարցադրումը շարունակելու կարիք չկայ, մէկ խօսքով` ի՞նչ փոխուեցաւ:

Չեմ կրնար արտասահմանի բոլոր գաղութներուն մասին վաւերական տեղեկութիւններ հաւաքել, սակայն մեր միջավայրին մէջ այս գծով գրեթէ բան չփոխուեցաւ. ընթերցողը մնաց ընթերցող, չընթերցողն ալ` չընթերցող:

Սակայն, միշտ ալ գորշ տրամադրութիւնները փարատող կայծկլտող երեւոյթներ (նոյնիսկ եթէ բացառութիւն են) լաւատեսութեան շղարշով մը կը փորձեն թեթեւցնել գորշութիւնը:

Շաբաթներ առաջ անակնկալ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացայ: Հեռաձայնողը իմ նախկին աշակերտներէս մէկն էր, որ իր զինուորական ծառայութեան համար զօրակոչուած էր Սուրիոյ հարաւը գտնուող Տարաա քաղաքը, որուն մտահոգիչ լուրերը` տարի մը առաջ ծայր առած, դեռ կը շարունակուին:

– Պարո՛ն,- ըսաւ,- ձեզմէ բան մը պիտի խնդրեմ, առայժմ Հալէպ իջնելու արտօնութիւն չկայ, մօտս եղած բոլոր գիրքերը կարդացած, վերջացուցած եմ, հաճիք, ինծի քանի մը հայերէն գիրք  կը ղրկէ՞ք, երկու օր ետք հայրս զիս տեսնելու պիտի գայ, կը խնդրեմ իրեն տաք գիրքերը, որ միասին բերէ:

Շշմած կը լսեմ. զինուոր տղայ, վտանգալից շրջանի մէջ ծառայող ու  հայերէն գիրք կ՛ուզէ կարդալու համար…

– Սիրո՛վ,- ըսի,- ի՞նչ տեսակ գիրք կը նախընտրես:

– Ձեր ճաշակին,- ըսաւ,- լաւ գիրքեր թող ըլլան, Յակոբ Օշականէն ալ եթէ գիրքեր ունիք, ղրկեցէք, շատ կ՛ուզեմ Օշական կարդալ:

Զարմանքի, ուրախութեան եւ անակնկալին պարգեւած խառն զգացումներով, ըսի`

– Վաղն իսկ կը յանձնեմ ծնողքիդ,  ուզածդ գիրք ըլլայ…

Ու շնորհակալութիւն յայտնեց քանի մը անգամ, նախքան հեռախօսը անջատելը:

Չգիտցաւ, որ շնորհակալութիւն յայտնողը ես պէտք է ըլլայի, չէ՞ որ զիս այնքան երջանկացուց:

Կ՛ըսեն` «Մէկ ծաղիկով գարուն չի գար», բայց ծաղիկն ալ ծաղիկ է վերջապէս… ուշ կամ կանուխ ուրիշ ծաղիկներ ալ չե՞ն բացուիր:

Ո՛վ հայ զինուոր, դուն որ սուրիական հայրենիքիդ կը ծառայես, ինչպէս քեզի նման եւ տարեկից շատ հայ տղաք, որոնցմէ նահատակի դափնեպսակին արժանացողներ ալ եղան, վստա՛հ եղիր, որ հայ գիրքը մօր կաթի պէս է, արդար ու կենսատու… ով սնանի այդ կաթով, կը դառնայ զօրեղ, ազնիւ ու իսկական հայկազուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES