Վարուժան Արք. Հերկելեանի Խմբագրութեամբ` «Տարագրութիւն, Որբեր, Մելգոնեան Հաստատութիւն» Հատորի Լոյս Ընծայման Առիթով
ԵՂԻԱ ԳԱՅԱՅԵԱՆ
Տարի մը առաջ, 2011 թուականի յունիսին, տեղի ունեցաւ Վարուժան արքեպիսկոպոսի խմբագրութեամբ լոյս տեսած 3 գիրքերու շնորհահանդէսը: Այդ առիթով ընթերցասէր հանրութեան ներկայացուեցան 3 հատորներ`
1.- «Ատանայի վկաները եւ Սուրբ Ստեփանոս վկայարանը»
2.- «Թղթակցութիւն Սահակ Բ. կաթողիկոսի եւ Պետրոս արք. Սարաճեանի»
3.- «Կիպրոսի թեմի հովուական կարգը եւ թեմական կազմաւորումը, որոնք յաջորդաբար հրատարակուեցան 2010-2011 թուականներուն:
Մասնաւորաբար անդրադառնալով վերոյիշեալ 3 գիրքերուն` ակնարկութիւն մը կատարած էի նաեւ այդ օրերուն մամուլի տակ գտնուող չորրորդ ժողովածույին մասին, յոյս յայտնելով, թէ այդ հատորն ալ (320 էջ) ի մօտոյ լոյսին պիտի գայ` մեկենաս մը գտնելով:
Ազգային գործը, տքնաջան աշխատանքը, ծնունդի կարօտ որեւէ ուսումնասիրութիւն, ուշ կամ կանուխ, կը գտնէ բարերար մը` ազգասէր, գրասէր եւ ազնիւ մեկենաս մը:
Այդպէս ալ եղաւ: Վերջերս, Երեւանի «Դար» հիմնադրամին միջոցներով հրատարակուեցաւ նաեւ չորրորդ գիրքը` «Տարագրութիւն, որբեր, Մելգոնեան հաստատութիւն» հատորը, երբ համայն հայութիւնը, Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի բոլոր գաղութներուն մէջ, զանազան ձեռնարկներով` հրատարակութիւններով, գիրքերու ցուցահանդէսներով եւ գիտաժողովներով կը նշէ հայ տպագրութեան 500-ամեակը:
Հայկական Կիլիկիոյ վերջին դէպքերը, Կիլիկիոյ վերջնական պարպումը, հայերուն տարագրութիւնը եւ գաղթականութիւնը, հայ որբերն ու որբանոցները նկարագրող, ինչպէս նաեւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հետ առնչուող հարցերուն վերաբերող բազմաթիւ վաւերական նամակներու այս ժողովածուն կ՛ընդգրկէ 1898-1934 թուականները:
Հայաբնակ Կիլիկիոյ մէջ թուրքերու կողմէ հայերու նկատմամբ գործադրուած ահաւոր ջարդերը, հայերուն գաղթականութիւնը, տարագրութիւնը, որբանոցներու իրական պատկերը եւ որբերու զրկանքները անաչառօրէն նկարագրուած են այդ նամակներուն մէջ:
Խօսքը կը վերաբերի անվիճելի եւ վաւերական նկարագրութիւններուն, որոնք կը հաստատեն Կիլիկիոյ հայութեան ջարդերը, բարբարոսութիւնները, բռնի պարպումը եւ հայրենազուրկ դարձած Կիլիկիոյ հայութեան գաղթականութիւնը:
«Սրտի անհուն կսկիծով լսեցիք անշուշտ այն ահռելի ջարդը եւ բարբարոսութիւնները, որոնք գործուեցան վերջին շաբաթներուն Կիլիկիայի հայերու վրայ ու քիչ ժամանակուան մէջ աւերակի ու մոխիրի կոյտ մը դարձուցին այն ծաղկեալ Կիլիկիան: Ահա այդ նմանը չտեսնուած վայրագութիւններէն փախչելով` կղզիս ապաստանեցան 1200-ի չափ հայեր, որոնց մէջ կան բազմաթիւ կարօտներ այնպիսի խեղճութեան մէջ, որուն ի տես ամէնէն քարասիրտն ալ պիտի չկրնար զսպել իր արտասուքը», Մանչեսթըրի բարեջան առաջնորդին ուղղուած նամակին մէջ կը գրէ Նիկոսիոյ Թաղական խորհուրդը, 29 ապրիլ 1909 թուակիր նամակին մէջ:
«… Հիմա հեռագիր մը պիտի քաշեմ Փարիզ Հայ պատուիրակութեան եւ վարչապետ Միլտոնի` «աղաչելով, որ Ատանայի ֆրանսական իշխանութեանց հրահանգ տան, որպէսզի Հաճընի փրկութեան համար հարկ եղածը ընեն…»:
«… Հաճընի պաշարման շրջանակը չափազանց նեղցած է, թուրքերը թնդանօթ եւ մեթէրէօզներ ալ բերած են Հաճընի վրայ… Վերջին անգամ պրն. Պրէմօնէն խնդրուած է զինուոր ղրկել, պատասխանած է, որ չի կրնար եղած զինուորները հոն ղրկել, այլ կը սպասէ Ֆրանսայէն գալիք նոր զինուորներուն, մինչդեռ ասկէ 2 ամիս առաջ այդ յանկերգն է, որ կը կրկնէ եւ այդ զինուորը երբեք պիտի չհասնի, պարզ ըսեմ, «Ֆրանսան Հաճընը պիտի փճացնէ, որպէսզի միանգամ ընդմիշտ ազատի Հաճընի նման հայկական ուժի մը գոյութենէն Կիլիկիոյ մէջ»:
«Վերջերս Ատանայէն 3000 ֆրանսական զինուոր կ՛երթայ Սիս, պաշարով եւ առատ ռազմամթերքով, ճամբան կը հանդիպի չէթէական խումբերու, զորս մէկ երկու թնդանօթով կը ցրուէ եւ Սիս հասնելով 4-500 զինուոր կը թողու եւ կը վերադառնայ Ատանա` առանց Հաճընի համար դոյզն օգնութիւն մը ընելու կամ ընել մտածելու: Կ՛աղաչեմ, սիրելի Մալէզեան, դիմեցէք, ուր որ պէտք է, որ Հաճընի 8000 ժողովուրդը փրկուի, դիմեցէք նաեւ Պոլիս, որ չէթէներու արգիլուի հայ ջարդելը…», կը կարդանք Պետրոս եպս. Սարաճեանի ՀԲԸ Միութեան նախագահ Վահան Մալէզեանին ուղղուած 16 մայիս 1920 թուակիր նամակին մէջ:
Պատմական եւ աննախադէպ իրադարձութիւններու պարտադրանքին տակ գրուած բազմաթիւ նամակները իրենց իրապաշտ նկարագրութիւններով, անվիճելի բովանդակութեամբ եւ անկեղծ բնութագրումներով անգամ մը եւս կը փաստեն թուրքերու կողմէ գործադրուած հայկական ջարդերը եւ բռնութիւնները, անգամ մը եւս կը բացայայտեն ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ միտումնաւոր եւ ծրագրուած կերպով Հայկական Կիլիկիոյ պարպումը:
«Հատորիս մէջ համատեղուած նամակներու երրորդ խումբ մը ուղղակի առնչուած է Մելգոնեան կրթական հաստատութեան, անոր հիմնադրութեան եւ յարակից աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ այնտեղ ստեղծուած զանազան երեւոյթներուն», կը կարդանք Վարուժան արքեպիսկոպոսի նախաբանին մէջ:
Ապա նոյն նախաբանէն ափսոսանքով կ՛իմանանք, թէ հայատառ թրքերէնով գրուած տասնեակ մը նամակներ, հակառակ երկարաշունչ պրպտողական աշխատանքին եւ ուրիշներու ալ օժանդակութեան, կարելի չէ եղած վերծանել եւ, հետեւաբար, այդ նամակները դուրս մնացած են հատորէն: Ափսոսանքը կը վերաբերի հայատառ թրքերէնով այն նամակներուն, որոնք գրուած են Հաճնոյ վերջնական անկումէն եւ պարպումէն առաջ Կիպրոս անցած ու ծաւալուն աշխատանքի լծուած Սարաճեան արքեպիսկոպոսի եւ բարերար Կարապետ Մելգոնեանի կողմէ:
«Տարագրութիւն, որբեր, Մելգոնեան հաստատութիւն» հատորին հրատարակութեամբ փրկուեցան եւ ընթերցողի, ուսումնասիրողի ու պատմագէտի սեղանին դրուեցան 1898-1934 թուականներուն գրուած բազմաթիւ նամակներ, որոնք վաւերական եւ արժէքաւոր արձանագրութիւններ են, որոնք ժամանակի հեւքին տակ եւ պայմաններու բերումով, դժբախտաբար, արդէն դեղնած ու գունաթափած են:
Համբերատար եւ յամառ աշխատանքի արդիւնք հանդիսացող այս հատորին լոյս ընծայումով փրկուեցան փճացումի ենթակայ բազմաթիւ ձեռագիր նամակներ, որոնք կը դառնան ոչ միայն ընթերցասէր հանրութեան սեփականութիւնը, այլեւ կը յանձնուին Կիլիկիոյ հայութեան պատմութիւնը ուսումնասիրող պատմագէտին` իբրեւ անգնահատելի վաւերական նիւթերու ամբողջութիւն մը:
Պատմական արժէք ունեցող նամակագրութիւններու հսկայական շարք մը պարունակող այս հատորը կը բացայայտէ Կիլիկիոյ հայութեան վերջին շրջանի պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած աննախադէպ իրադարձութիւնները` թուրքերու եւ չէթէներու կողմէ գործադրուած ջարդերը եւ կոտորածները, Արեւմուտքի սին խոստումները եւ դաւաճանութիւնը, հայրենազուրկ դարձած հայ ժողովուրդի գաղթականութիւնը եւ տարագրութիւնը, խաղաղասէր ժողովուրդի մը 40 տարիներու պատմութիւնը, որ ուղղակիօրէն կ՛առնչուի նաեւ կիպրահայութեան հետ:
Այսօր կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման շեմին: Հայաստանի պատմաբանները սկսած են անուն առ անուն հաւաքագրել եւ արձանագրել 1915-1923 թուականներու Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն անունները:
Երանի թէ կարելի ըլլայ թարգմանել վերոյիշեալ չորս հատորներուն մէջ լոյս տեսած բոլոր այն նամակները, որոնք կը վերաբերին Կիլիկիոյ հայութեան ջարդերուն, տարագրութեան եւ որբերուն:
Այն ժամանակ արժեւորած կ՛ըլլանք ոչ միայն կատարուած հսկայական աշխատանքը, այլ Հայոց ցեղասպանութիւնը չընդունած դիւանագէտներու, կազմակերպութիւններու եւ պետութիւններու գրասեղանին դրած կ՛ըլլանք Հայոց ցեղասպանութիւնը փաստող յաւելեալ փաստաթուղթեր` իրենց անաչառ բովանդակութեամբ, անկեղծ բնութագրումներով եւ անվիճելի վաւերականութեամբ:
Երանի յաջողիք իրականացնել նաեւ ա՛յս հրատարակութիւնը:
Ձեր վարձքը կատար, սրբազան հայր:
Նիկոսիա, Կիպրոս

