Արձագանգ «Զանզալախդ»-ի Թատերական Ներկայացման Առիթով. «Խենթ»-երը Կ՛արշաւեն «Դռները Բացէ՛ք»

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Քիչ մը ուշացած` (թատերական ժանրի տեսակէտէ), տակաւ թատերական կեանքի խարխափումներէ ետք, թատերասէր հանրութեան սեփականութիւնը դարձաւ այլ  խարխափում մը, այս անգամ շանթահարիչ եւ զգետնող միանգամայն:

Արդարեւ, Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը հանրութեան ներկայացաւ թատերական գործով մը, որ, ըստ մեր հայեցողութեան, պէտք է դառնայ հիմնաքարը` արդի հայ թատրոնի հաստատման, այլապէս` թատերական կեանքի վերանորոգման, վերընձիւղման, զարթնումին եւ անարգել յառաջդիմութեան:

Այս առիթով զանց կ՛առնենք իբրեւ մեկնակէտ (բաղդատելու համար) ունենալ ցարդ կատարուած կամ հետագային ընթացք առնելիք այն բոլոր թատերական մատուցումները, որոնք սեփականութիւնն են գաղութին,  եւ որոնց մասին առհասարակ եղած են  քննարկումներ ու համարժէք գնահատումներ:

Հոս կ՛ուզենք մատնանշել եղելոյթի մը ընթացք առած այն ճշմարտութիւնը, թէ արդի հայ թատրոնը (սփիւռքի տարածքին) այն չէ, եւ պէտք չէ որ ըլլայ այն` ինչ որ էր վերջին տասնամեակներուն կամ շատ մօտիկ անցեալին:

Այլ խօսքով` 21-րդ դարուն ա՛լ փոխուած են թատերական ըմբռնումներու ամէնէն տարրական հասկացողութիւններն անգամ եւ տեղի տուած` արդիական եւ ժամանակակից մօտեցումներու, ընկալումներու եւ հայեացքներու, բնականաբար, առանց կորսնցնելու առաջին հերթին` թատերական արուեստի «դասականացած» հիմքերը (արժեչափերը), եւ ապա` մարդկային կերպարի դերն ու տեղը, ստեղծագործ մտքի փայլատակումները,  նորարարութեամբ հոգեզինուելու հրամայական պահանջն ու արհեստավարժի պարտադրանքը:

Յստակացնենք:

Ժողովուրդներու միջեւ մշակութային կեանքի առկայ փոխյարաբերութիւնները ունենալով հանդերձ իրենց նպաստն ու կարեւորութիւնը, արուեստի տարբեր բնագաւառներու զարգացման մէջ, անոնք խայծ են եղած նաեւ` ազգային իւրայատուկ դիմագիծի պահպանման եւ գոյատեւման: Այս առումով պէտք է դիտել արուեստի ամէն գործ կամ մատուցում, յայտնապէս մենք մեզ զերծ կացուցելու համար ընդօրինակողի եւ կապկողի փորձութենէն:

Մեր պարագային` նման բնական անցումներու եւ գործընթացներու կարիքն էր, որ երկար ատենէ ինքզինք զգալի կը դարձնէր հայ շրջապատին մէջ:

Միւս կողմէ, ճիշդ է, որ գաղութահայ իրականութեան մէջ, թատերական կեանքի առումով, վերջին տարիներուն փորձեր եղան այս ուղղութեամբ, թէեւ սահմանափակ եւ շատ անգամ անբովանդակալից, այդուհանդերձ անոնք նորարար գործընթացի մը շունչը կ՛աւետէին:

Փաստօրէն, երիտասարդ ու խոստմնալից բեմադրիչներ ուզեցին հայ թատրոնը արդիականացնել եւ կամ յեղաշրջել ցարդ տիրող մօտեցումներն ու հասկացողութիւնները:  Թէեւ անոնք որոշակի յաջողութիւն ունեցան, սակայն անոնց կը պակսէր հիմնականը` ազգային եզակի արժէքներու (լեզու, ոճ, պատկեր, մտատիպար, նորարար եւ ստեղծագործ միտք, կիրք, արհեստավարժութիւն եւ այլն) պահպանումն ու արդի մօտեցումներու պատշաճեցումը առհասարակ հայ կեանքին ու արուեստի ընկալումներուն:

Արդ, վերոնշեալ մտասեւեռումներէ թելադրուած սեւով ճերմակին կը յանձնուին մտածումներ, ի հարկին տեսակէտներ «Զանզալախդ»-ի թատերական ներկայացումին մասին, որով կարելի է հպարտանալ, զգաստանալ եւ ոգեւորուիլ յանուն լիբանանահայ թատրոնի յաղթանակին:

Անցնինք:

Լիբանանեան հայրենիքի հարազատ, խոհական մտքի եւ անձնուրաց հոգիի տէր գրող Իսամ Մահֆուզի այս թատրերգութիւնը, եթէ մէկ կողմէ ցոյց կու տայ հեղինակի մարդկային խորունկ զգացողութիւնն ու անոր գրականագիտական պայծառ ու իւրայատուկ աշխարհահայեացքը, ապա նաեւ` այս երկը անոր յուզաշխարհին ալքերէն դուրս ճայթգող մարդկայնութեան կանչն է, անարդարութեան դէմ ցասումը, պոռթկումի եւ յեղափոխաշունչ ապրումներու ցայտքը, մարդ արարածի ազատատենչ ըմբռնումներու եւ անկաշկանդ մտածումներու կրկէսը, մէկ խօսքով` մարդկային խօլ չարաշահումներու եւ սեփական ժողովուրդին տառապանքներուն անսացող յանձնառու մտաւորականը:

Աւելի՛ն. նման բարձրորակ եւ իմաստասիրական խորքով դիպաշարերու յանձնուած հեղինակը, իր իսկ ստեղծած «խենթ» տիպարներու ներկայութեան, ծանրօրէն կը հեգնէ ամէն ճակատագիր եւ կացութիւն, որով կը բացատրուին ժամանակակից կեանքի մեղկ արահետներն ու  ամբողջ մարդկութեան թաւալգլոր ընթացքը:

Յայտնապէս, նման իրերամերժ եւ բախտորոշ գործընթացներու բացայայտումին կը լծուին խումբ մը հայ դերասաններ (երէց եւ նոր սերունդի) եւ յանձնառութեամբ մը կ՛արշաւեն հայ իրականութեան անդաստանները, արուեստասէր հասարակութեան փոխանցելու թատերական գործի մը խորասոյզ եւ այլաբանական պատկերները, հայ թատրոնին ներշնչելու իր գոյութեան իրաւունքը եւ վերապրելու կամքը:

Ընդգծում մը:

Յակոբ Տէր Ղուկասեան արուեստագէտի, բեմադրիչի, մտածող կերպարի, արհեստավարժ դերասանի ունակութիւններուն եւ նորարար հայեացքներուն քաջածանօթ ամէն անհատի համար, խոստովանինք, որ նման թատերական կողմնորոշում անակնկալ մը չէ երբե՛ք:  Սակայն, ապշեցուցիչն ու ողջունելին անոր ստանձնած արի կեցուածքն ու յանդգնութիւնն է, նման վաւերական եւ դժուար թատերական երկի մը ներկայացումը, ապա անոր յաջողութեամբ պսակադրումը, այդ ալ հայ իրականութեան մէջ:

Փաստօրէն, երբ այս թատրոնի բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեան մուտք կը գործէ հայ արուեստասէր հասարակութեան շրջանակներուն մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, եւ այսքան լուրջ եւ աշխատանք պահանջող յանձնառութեամբ  կարդալով մարտահրաւէր, բոլորիս անխտիր. ասիկա նաեւ արդէն խթանող ազդակ է` հասկնալու անոր ուժեղ անհատականութիւնն ու հմուտ արուեստագէտի շնորհքը:

Աւելցնել է պէտք, որ բեմադրիչի խստապահանջ եւ բծախնդիր մօտեցումներուն ականջ են տուեր բազմավաստակ դերասաններ եւ նորահաս սերունդի շնորհալի ներկայացուցիչներ:

Հարկ է շեշտել իրողութիւն մը, որ արուեստի տարբեր մարզերու մասնագէտի եւ արհեստավարժի հակումներու տէր անձնաւորութիւններու ներկայութեան եւ աջակցութեամբ, գրեթէ իր լրումին հասած էր «Զանզալախդ»-ի թատերական ներկայացման յատուկ նախադրեալներ (բեմական տարածք, համեստ սակայն շնչաւոր  բեմայարդարում, համապատասխան լուսաւորում եւ երաժշտութիւն, տարազի իւրայատուկ մտայղացում, պար, սրահին մէջ սպիտակ վարագոյրի շինիչ օգտագործում, եզակի մթնոլորտ եւ այլն):

Մեկնելով թատերական երկի ընձեռած խորհրդանշական վիճակներէն` նշել է պէտք, որ բեմադրիչը կրցած էր լաւագոյնս ճշդորոշել իւրաքանչիւր դերասանի կերպարն ու կարողութիւնը: Ան յաջողած էր բեմականացնել բարդ հոգեվիճակներն անգամ եւ անսեթեւեթ փոխանցել բոլորի իրաւութիւնը:

Առհասարակ, Սաատունի կերպարի առինքնող եւ տիրական ներկայութեան, ինչպէս նաեւ մնացեալ բոլոր դերասաններու գերազանցապէս տպաւորիչ խաղարկութեամբ, գրագէտ Իսամ Մահֆուզի եւ բեմադրիչին միջեւ կը ստեղծուէր կամրջումի հոգեշունչ կապ մը, այլապէս հանդիսատեսին փոխադրելով` «մտագար»-ներու աշխարհը, «խենթ»-երու կրկէսը եւ մասամբ նորին: Ինչ որ, կը կարծենք, հիմնական նպատակաուղղուածութիւնը էր թատերական այս երկին:

Աւելի՛ն. բեմական այս խրոխտ ներկայացումը ինքն իր մէջ թաւալելով հանդերձ, եւ հակառակ «խայտաբղէտ» անցումներուն,  անիկա արձակուած ճիչն է համայն մարդկութեան, որ զոհն է գազանաբարոյ արարքներու,  պոռթկացող հոգին է ընդդէմ համայնակուլ քաղաքական ու տնտեսական  վարքագծերու, մարդ արարածի ստրկացման եւ հրէշային միտումներու դէմ ելլելու ընդվզումն է, փոքրոգութիւններ սանձելու կեցուածքն ու անմարդկային կենսաձեւեր  խարազանելու անհատի վճիռը:

Անցնելով բեմական արուեստի մանրամասնութիւներուն, նշելի են բազմաթիւ յաջողութիւններ, որոնց մասին կարելի է համառօտակի արձանագրել:

Այս առումով խիստ քաջալերելի էին իւրաքանչիւր դերասանի այն ներքին համոզումը, որով մարմանաւորած էր իր ստանձնած կերպարը եւ կարողութիւնը ունեցած թափանցելու թէ՛ ընդհանուր դիպաշարին եւ թէ առանձնակի դերին մէջ` օժանդակելով ամբողջ թատրոնին առաւել յաջողութեան:

Փաստօրէն, բեմական կեցուածքի, հաղորդականութեան, առոգանութեան, ձայնային տուեալներու, դիմագծային անհրաժեշտ արտայայտութիւններու, պարզ եւ ոչ բռնազբօսիկ շարժումներու ու մանաւանդ` բարդ ու բազմախաւ հոգեվիճակներ մարմնաւորելու կարողականութիւնները զգալի էին գրեթէ բոլորին մօտ:

Անվերապահօրէն կարելի է հաստատել, որ  թատրերգութիւնը հարստացած էր նաեւ հայախօսութեան տեսակէտէ, ուր սահուն կերպով կը հնչէր հայոց լեզուն, որ ձերբազատած էր կեղծ,  շպարային, գռեհիկ կամ թեթեւսոլիկ բառակոյտերէ:

Հաստատենք:

Եթէ երբեք տուեալ խաղարկութիւնը բաղդատենք նոյն ժանրի անմիջական շրջապատին մէջ առկայ օտար թատերական ներկայացումներու հետ, ապա այս մէկը չի զիջիր անոնց, որովհետեւ կը պարփակէ նոյնքան ողջունելի թատերական տարրեր, հակառակ այն իրողութեան որ, լիբանանեան թատրոնի դերասանական կազմերը կը բաղկանան արհեստավարժ ու փորձառու անհատներէ:

Գալով մեր ածուին:

Թէ ինչո՛ւ թատերական այս ներկայացումին մասին այսքան կեդրոնացում, պարզապէս ընդգծելու առաջնահերթութիւններ եւ մատնանշելու մտահոգութիւններ, որոնք կ՛առնչուին գաղութահայ իրականութեան եւ առհասարակ թատրոնի գոյութեան:

Այլ ասած, ի զուր չէ, որ Յակոբ Տէր Ղուկասեան այս թատրոնին ընդմէջէն իր հուժկու ձայնը կ՛ուզէ լսելի դարձնել ի տես ներհայկական կեանքի յամեցող ապիկարութիւններու:

Միթէ անոր` բեմադրիչին խորունկ տագնապներուն եւ պոռթկումին մէկ հարազատ արտայայտութիւնը չէ՞ «Զանզալախդ»-ի բեմականացումը: Առանձնապէս` հայ թատրոնի պարզած իրավիճակին հանդէպ նոր շունչ ու որակ ներարկելու պատասխանատու կեցուածք պէտք չէ՞ համարել զայն:

Աւելի՛ն. այսօր ինչո՛ւ մեկուսացած, հնամաշ եւ չքացման դատապարտուած վիճակ կը պարզեն հայ կեանքի տարբեր բնագաւառներ, երբ գոյութիւն ունի ազգային ներուժ, բարձր ոգի,  երիտասարդական խանդ ու հմայող նախաձեռնութիւն` սրբագրելու եւ վերանորոգելու անսրբագրելին անգամ:

Դարեր շարունակ, զուր տե՞ղ հնչած է այն բացարձակ իմաստութիւնը, թէ թատրոնը կոչուած է դաստիարակելու սերունդներ,  կարող է ձեւաւորել հասարակական կեանքի մտածողութիւններ եւ ի հարկին յեղաշրջել կայսրութիւններ անգամ, եթէ օժտուած ըլլայ ժամանակակից կեանքի ոգեկան բարձրութեամբ, հետամուտ  արդիականանալու եւ պատրաստ զոհողութիւններու:

Այլ խօսքով, երբ հաւաքական մեր կեանքին մէջ անտեղի տրտունջքներու հանդէսներ կը սարքուին,  երիտասարդացման սին  յորդորներ կը քարոզուին, ամէն քայլափոխի մեղադրանքներ կը բաշխուին, առանց առկայ մտահոգութիւններու մասին լուրջ, նորարար եւ գիտականացած ճառագայթումներու ամրագրումին, արդէն հասկնալի կը դառնայ հայ կեանքի մէջ արձանագրուած բացթողումներու, անտարբեր մօտեցումներու եւ բարոյալքումներու մասշտապը:

Այսուամենայնիւ, ժամանակը հասած պէ՛տք է համարել, կրկին յիշեցնելու, որ գաղութահայ կեանքի ամէն նուաճում սերտօրէն կ՛առնչուի երիտասարդական փաղանգներու աշխուժ ներկայութեան, անոնց թիկունք կանգնելու հրամայական պահանջով ու մանաւանդ զանոնք լսելու իմաստուն քայլով մը` ազգային կեանքի դռները բանալու, յանուն հայ կեանքի թարմացման եւ վերաշնչաւորումին:

Կը հաւատանք, որ «Զանզալախդ»-ի բեմականացումով որոշակի յաղթանակ մը ապահովեցինք` յուսալով, որ  երիտասարդ «խենթ»-երու ներկայութիւնը վարակէ շրջապատ մը ամբողջ:

Այս առումով` յուսադրիչ էին օտար թէ հայ երիտասարդներու ներկայութիւնը թատերական ներկայացումին, որ ձեւով մը արդի ժամանակներու հայ երիտասարդ տարրին տագնապներուն հայելին հանդիսացաւ:

Ի պատիւ Համազգայինի ընտանիքին, «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը յաջողեցաւ ստեղծել այն միջավայրն ու մթնոլորտը, հայ իրականութեան մէջ տարածելու մարդկային արժէքներ ու յեղափոխաշունչ մտածումներ, որոնց այնքան ծարաւը ունի նորահաս սերունդը:

Իր կարգին, Յակոբ Տէր Ղուկասեան բեմադրիչի խռովքն ու արուեստագէտի ցասումը ունեցաւ այն տարածքը, կենդանացնելու իր տարիներու երազանքը`  բեմական կեանքի նորոգման ճանապարհին` շնչել ազատօրէն, ապրիլ համարձակօրէն, հարցերը քննարկել անկաշկանդ  եւ երիտասարդ փաղանգներու ձայնը  լսելի դարձնել անվերապահօրէն:

Այս դիտանկիւնէ հարկ է ընդգծել, որ շնորհալի  դերասաններու ձայնն ու կորովը ապահովաբար դեռ երկար պիտի արձագանգեն:

Իբրեւ աւարտ:

Այսուհետեւ կարելի չէ պահուըտիլ մեր իսկ ստեղծած սուտ ու անգոյ պատնէշներու ետին, եւ այպանել շրջապատ մը` յատկապէս երիտասարդական, որոնք կարիքը ունին հասկցուելու, ներշնչումի, ոգեւորութեան, տիպար օրինակի, մտատիպարներու, պոռթկումի եւ բաձրագոռ հնչեցնելու իրենց սեփական ճիչն ու մտածումները:

Եթէ իրապէս կ՛ուզենք գաղութահայ կեանքի վերանորոգումն ու աշխուժացումը, առաւել եւս պանծացնելու ազգային արժէքներու մին մի պատուանդան, ապա պարտաւոր ենք դիմակայելու տխեղծ ու տկլոր վարքագծերու հետեւորդներ, որոնք կը սլկտան մեր շրջապատին մէջ, տգիտաբար ու անխղճօրէն:

Այս առումով, Համազգայինի թատերական միաւորը կրցաւ շրջանցել անշրջանցելին, թռիչք տալ իր տեսլականին ու դառնալ ճառագայթող հիմնաքարը` ինքնասրբագրումի եւ ինքնաճանաչման, զարկ տալով արդի հայ թատրոնի զարգացման եւ նորովի ըմբռնումին:

Արդար է ըսել, երբ հայ կեանքէ կը բացակայի սուր ու նպատակասլաց երգիծական գրականութիւնն ու երգիծանկարչութիւնը, եւ կամ ընդհանրապէս քննադատական ոգին ու քննական միտքը, ապա երեւակայել է պէտք տուեալ գաղութի ճակատագիրը:

Նման վէրք մը ամոքեց վերոնշեալ թատերական միաւորը, որմէ կ՛անկալուի արշաւել հայ կեանքի տխուր արահետները եւ լոյսին բերել անասելի ողբերգութիւններ` յանուն ազգային արժէքներու պահպանման եւ սերունդներու անարգել յառաջդիմութեան

«Մտագար»ներու արշաւը այդ յոյսը կը ներշնչէ:

 

Share this Article
CATEGORIES