Հարիրի Կը Հերքէ «Էլ. Պի. Սի.» Կայանի Հաղորդումը
Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հերքեց «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին սփռած տեղեկութիւնները, որոնք կը վերաբերէին Ռիատի մէջ իր եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հանդիպումին:
Հարիրի զարմանք յայտնեց, որ նման սխալ տեղեկութիւններ սփռուին Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին:
Նշենք, որ Հարիրի կ՛ակնարկէր «Էլ. Պի. Սի»-ի սփռած այն լուրին, թէ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանի բնակարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Սաատ Հարիրիի միջեւ արձանագրուած է խօսակցութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ Հարիրի յայտնած է հետեւեալը. «Մենք 7 մայիսը պիտի չմոռնանք. մեզի համար այդ թուականը համազօր է նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան թուականին, եւ օր մը անպայման Հըզպալլային սուղ վճարել պիտի տանք այդ սխալին գինը»:

