Ըստ Վարչապետ Միքաթիի Թրիփոլիի Դէմ Դաւադրութիւնը Կը Շարունակուի` Անոր Միասնականութիւնը Երկփեղկելու Նպատակով
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Թրիփոլիի մէջ արձանագրուող բախումները մերժող քաղաքացիական խորհուրդները, որոնց ջանքերը դրուատեց` հաստատելով, որ Թրիփոլիի դէմ դաւադրութիւնը կը շարունակուի 1975-էն ի վեր:
Այդ դաւադրութեան հիմնական նպատակն է Թրիփոլիի զաւակներուն միջեւ տիրող ազգային միասնականութեան երկփեղկումը:
«Ներկայ հանգրուանին մեր նպատակն է Թրիփոլիի քաղաքական եւ ապահովական կացութիւնը բարելաւել եւ Ժապալ Մըհսենի ու Պապ Թըպպանէի միջեւ լարուածութիւնը հանդարտեցնել:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ռիֆաաթ Իտ, որ վարչապետին հետ քննարկեց Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ զինեալ բախումներուն վերաբերող հարցեր:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի նախանցեալ օր «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց Ազգային երկխօսութեան նիստին կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ այն, որ ոչ ոք իր կարծիքը ուժով կրնայ պարտադրել դիմացինին:
Վարչապետ Միքաթի նշեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրը լիբանանեան պետութեան հիմքը կը կազմէ` աւելցնելով, որ ինք վարչապետի պաշտօնը ստանձնած է արգիլելու համար ներքին լիբանանեան սադրանքները:
Ան դրուատեց Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն աշխատանքներն ու ջանքերը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի մաղթեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը արդիւնաւորուի լիբանանեան տարբեր շրջաններուն զինաթափումով` ընդգծելով, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները ծրագրուած ապահովական խախտումներ են, որոնք կը կատարուին կրօնաւորներու հովանաւորութեամբ: «Իսկ մենք կ՛աշխատինք բացայայտել այդ կողմերը եւ պիտի բացայայտենք զանոնք», աւելցուց ան:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Հըզպալլայի զէնքը իրեն համար սուրբ զէնք է, որովհետեւ ան ազատագրած է Լիբանանը եւ մնայուն կերպով ուղղուած է թշնամի Իսրայէլին դէմ: «Կը հասկնանք, որ այդ զէնքը կարգ մը լիբանանցիներուն համար մտահոգութիւն է, սակայն կը հաստատենք, որ այդ զէնքը լիբանանցիներուն դէմ ուղղուած չէ», ըսաւ ան:


