«Հիւսիսային Լիբանանի Մէջ Արձանագրուած Իրադարձութիւնները Վտանգի Փողեր Կը Հնչեցնեն» Շեշտեց Ժոմպլաթ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Պաապտայի մէջ նախանցեալ օրուան Ազգային երկխօսութեան նիստը շատ լաւ հանդիպում մը եղած է:
Ան նշեց, որ նիստին ընթացքին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման ներկայացուցած է բացառիկ կեցուածքներ եւ տեսակէտներ, որոնք կը պարփակեն երկրին դժուարութիւններն ու տարակարծութիւնները, որոնք լուծման կը կարօտին:
Միւս կողմէ, Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը հաստատեց, որ հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները ահաւոր են եւ վտանգի փողեր կը հնչեցնեն:
ՆՇԵՆՔ, որ «Ախպար» օրաթերթին համաձայն, Ժոմպլաթ նկատել տուած է, որ Լիբանանի նոր կառավարութիւն մը կազմելու պարագային ինք դարձեալ Նեժիպ Միքաթիի անունը պիտի առաջարկէ` վարչապետի պաշտօնին համար:
CATEGORIES Լիբանանեան


