Ապատի Կ՛ողջունէ Նախագահ Սլէյմանի Նախաձեռնած Ազգային Երկխօսութեան Նիստը
Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի ողջունեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը, որուն նպատակն է լիբանանեան քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ կեցուածքները միասնականացնել եւ տեսակէտներու փոխանակում կատարել` ամրապնդելու համար երկրին կառավարութիւնը, բանակը, ժողովուրդը եւ Դիմադրութիւնը` թշնամի Իսրայէլին դէմ:
Ապատի նշեց, որ Իրան լրջօրէն կը շարունակէ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցի քաղաքացիներուն ազատ արձակման բանակցութիւնները` նկատի ունենալով, որ նոյն վայրին մէջ, նոյն խմբաւորումին կողմէ առեւանգուած են նաեւ իրանցի այցելուներ:
Ապատի շեշտեց, որ Թեհրան կը զօրակցի Լիբանանին, լիբանանցիներուն եւ անոնց ազգային միասնականութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան


