Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ սուրիական զարգացումները:

Հըս կոչ ուղղեց պահպանելու արաբական սկզբունքները եւ կառչած մնալու երկկողմանի համաձայնագիրներուն գործադրութեան:

ՆԿԱՏԻ ՈՒՆԵՆԱԼՈՎ Ֆարիտ Հապիպի մահով խորհրդարանին մէջ թափուր մնացած աթոռը, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել յառաջիկայ 15 յուլիսը նշանակեց Քուրայի մէջ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւններու օր:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը կառավարութեան նիստին ընթացքին պիտի վաւերացուի: Ան շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգը պիտի չձախողի` աւելցնելով, որ Սուրիոյ քայքայումը սպասող կողմը շատ պիտի սպասէ:

ՍՈՒՐԻՈՅ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական ուժերը ձախողեցուցած են լիբանանեան Հալաթ եւ Իտլին գիւղաքաղաքներէն դէպի Թալքալախ սուրիական շրջան  ահաբեկիչներուն մուտքը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ Հըզպալլայի հետ իրենց երկխօսութիւնը արդիւնաբեր պիտի ըլլայ, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումէն ետք:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը ֆինանսաւորէ Թրիփոլիի զինեալներուն մէկ մասը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը երկխօսութեան նիստին ընթացքին պահանջած են կառավարութեան հրաժարականը:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը ըլլայ իրական եւ արդիւնաւէտ:

ԵՐԷԿ ամբողջ Լիբանանի տարածքին սկսան պրէօվէի պետական քննութիւնները: Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, որոնք կը վերաբերին պրէօվէի քննութեանց երկրորդ առիթը ջնջելուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ ներկայ կառավարութիւնը կը գործէ սուրիական վարչակարգին ուղիով: Ան աւելցուց, որ այդ կառավարութիւնը արդիւնք է Պէյրութի մէջ սեւ շապիկներով մարդոց երեւոյթին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ հարցում մը ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան` սուրիական բանակին կողմէ մնայուն կերպով լիբանանեան հողեր մուտք գործելու եւ արձանագրուող իրերայաջորդ ոտնձգութիւններուն մասին: Ան հարց տուաւ նաեւ, թէ ինչո՞ւ կառավարութիւնը Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանը հարցաքննութեան չի կանչեր:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւնները վերստին զգուշացուցին իրենց քաղաքացիները Սուրիա եւ Լիբանան կատարելիք անոնց այցելութիւններէն:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա շեշտեց, որ նկատի առած նախորդ վեց տարիները, այսօր հարաւի մէջ կը տիրէ ամրապնդուած խաղաղութիւն` ՖԻՒՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին միջեւ սերտ գործակցութեան շնորհիւ:

 

Share this Article
CATEGORIES