Թուրքիոյ Մէջ Երեք Ուժեղ Ականներ Վնասազերծուած Են
«Սի. Էն. Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, որ թրքական բանակը Տիգրանակերտ եւ Պինկէօլ նահանգները իրարու միացնող ճամբուն վրայ երկու կէտերու մէջ 100 քիլոկրամ ուժգնութեամբ ականներ յայտնաբերած է: Հակաահաբեկչական պայքարի ուժերը յաջողած են երկու ականներն ալ վնասազերծել:
Թրքական ուժերը երկրին հարաւը գտնուող Օսմանիյէ քաղաքին արուարձաններուն մէջ եւս 20 քիլոկրամ ուժգնութեամբ ական մը յայտնաբերած են: Այս ականը եւս վնասազերծուած է:
CATEGORIES Միջազգային

