«Լիբանան Այն Երկիրներէն Է, Որոնք Պէտք Է Ներկայ Գտնուին Մոսկուայի Մէջ Սուրիոյ Վերաբերող Ժողովին» Ըսաւ Լաւրով
ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի բանբեր Ահմետ Ֆաուզի Ժընեւի մէջ յայտնեց, որ Անան կը յուսայ մօտ օրէն Սուրիոյ հարցով կապի խմբակի ժողով մը գումարել` նշելով, որ «այս խմբակին նպատակը Սուրիոյ մէջ կողմերը համոզելն է Անանի ծրագիրը գործադրելու եւ ոչ թէ այլ ծրագիր մը մշակելը»:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով լրագրողներու առջեւ յայտարարած է, որ Մոսկուա կ՛առաջարկէ Սուրիոյ շուրջ միջազգային խորհրդաժողով մը, որ կը նպաստէ Անանի ծրագիրը որդեգրած Ապահովութեան խորհուրդի ջանքերուն:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ «Մոսկուայի կարծիքով, խորհրդաժողովին կրնան մասնակցիլ տասնեակներով երկիրներ, ներառեալ` Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամները, ինչպէս նաեւ Քաթարը, Սէուտական Արաբիան, Լիբանանը, Յորդանանը, Թուրքիան եւ Իրանը»: Ան ընդգծած է, որ խորհրդաժողովին Իրանի մասնակցութիւնը շատ կարեւոր է:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ նոր ջարդեր կրնան պատրաստուիլ»: Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ յայտնեց, որ «տագնապին դիւանագիտական լուծում մը գտնելու համար ռուս-ֆրանսական հաղորդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ Իսլամապատի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ կայունութեան հաստատման համար միջազգային ջանքերը կը կեդրոնանան իշխանութեան խաղաղ փոխանցման վրայ, իսկ արտաքին զինուորական միջամտութիւնը բացառուած է: Ան աւելցուց, որ «արտաքին զինուորական որեւէ միջամտութիւն չենք քննարկեր: Կը կարծեմ, որ անոր (Սուրիոյ) մասին իբրեւ այլ Լիպիա մը պէտք չէ մտածենք»:
ՄԱԿ հրապարակեց նոր զեկուցում մը, որուն մէջ Սուրիան առաջին անգամ ըլլալով յայտնուեցաւ ոչ բարենպաստ ցուցակի մը մէջ, որ կը կոչուի «Ամօթի ցուցակ»:
Սուրիոյ կառավարական ուժերը եւ անոնց դաշնակից «շապիհա» ուժերը յայտնուած են ցուցակին մէջ այն 52 կառավարութիւններուն եւ զինեալ խմբաւորումներուն, որոնք զինեալ տագնապներու ընթացքին կը հաւաքագրեն, կը սպաննեն կամ սեռական բռնութիւններ կը գործադրեն երեխաներու դէմ: Սուրիա կը մեղադրուի մասնաւորաբար 1171 երեխայի դէմ բռնութիւններ կիրարկելու եւ սպանութեան համար: Ըստ զեկուցումին, Սուրիոյ մէջ սպանութեան, խոշտանգման եւ սեռական բռնութիւններու զոհ դարձած են մինչեւ իսկ 9 տարեկան երեխաները: Զեկուցումը կը նշէ, որ «սուրիական կառավարական ուժերը Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ զինեալ ընդդիմութեան դէմ իր ճակատումին ընթացքին մանուկները իբրեւ մարդկային վահաններ օգտագործած է»:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ՄԱԿ յայտարարած է, թէ Հաֆէի կացութիւնը շատ վտանգաւոր է, իսկ միջազգային դէտերու մուտքը չ՛արտօնուիր:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը երէկ սուրիացի ժողովուրդի բարեկամներուն եւ եղբայրներուն կոչ ուղղեց այսօր Սուրիոյ ժամանակացոյցով ժամը 4:00-ին աշխարհի տարածքին սուրիական դեսպանատուներուն եւ հիւպատոսարաններուն առջեւ խաղաղ ցոյց կատարելու` իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն սուրիական վարչակարգին զօրակցող ռուսական կեցուածքին դէմ:
Մինչ այդ, եգիպտացի հռչակաւոր մտաւորական եւ ռազմավարական փորձագէտ Մոհամետ Հասանէյն Հայքալ «Քասիուն» կայքէջին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Իրաքի մէջ իր գործած բռնարարքներով ծանօթ ամերիկեան տխրահռչակ «Պլաք Ուոթըր» ընկերութեան անդամներ այլ անունով Սուրիոյ մէջ եւ անոր շուրջ կը գտնուին: Հայքալ նշեց, որ «Պլաք Ուոթըր»-ի շուրջ վեց հազար անդամներ կը գտնուին Սուրիոյ մէջ եւ ՕԹԱՆ-ի ու արաբական երկիրներու ծրագիրները կը գործադրեն:
Հռչակաւոր եգիպտացի մտաւորականը մտավախութիւն յայտնեց, որ Դամասկոսի մէջ վարչակարգի քայքայման պարագային արեւելեան Իրաքէն մինչեւ Միջերկրական երկարող շրջանին մէջ ռազմավարական ամբողջական բաց մը պիտի ստեղծուի: Ան զգուշացուց, որ ներկայ կացութեան շարունակման պարագային Սուրիան պիտի քայքայուի` աւելցնելով, որ ինք սուրիական վարչակարգին չի զօրակցիր: Հայքալ յայտնեց, որ Սուրիոյ եւ Իրանի նկատմամբ արաբական վարչակարգերու եւ Թուրքիոյ կեցուածքներէն ապշած է` նշելով, որ «արաբական կարգ մը պահպանողական վարչակարգեր յանկարծ զինեալ յեղափոխութեան կոչ ուղղող յեղափոխական յառաջդիմական ղեկավարութեան վերածուեցան»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակարգը կը շարունակէ Սուրիոյ ներքին հարցերուն ամբարտաւան իր միջամտութիւնը, իսկ անոր մագլցողական յայտարարութիւնները «ահաբեկիչներուն» կողմէ սուրիական կարգ մը քաղաքներուն դէմ յարձակումներուն համահունչ են:


