Թուրքիա Իրանեան Քարիւղին Փոխարէն Լիպիայէն 1 Միլիոն Թոն Քարիւղ Պիտի Գնէ
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիա Լիպիայէն 1 միլիոն թոն քարիւղ գնելու մասին համաձայնագիր կնքած է:
Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտնած է, որ բանակցութիւններ կ՛ընթանան նաեւ Սէուտական Արաբիոյ հետ` քարիւղի գնման երկարաժամկէտ համաձայնագիրի կնքումին շուրջ:
Գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այդ ձեւով Թուրքիան կը փորձէ փոխարինել Իրանէն գնուող կազի կրճատման ծաւալները:
Նախապէս Անգարա յայտարարած էր, որ Իրանէն ներածուող քարիւղի ծաւալները կրճատուած են քսան առ հարիւրով:
CATEGORIES Միջազգային


