Կիպրոս «Փրկութեան» Կարիք Ունի

Վասոս Սիարլիս

Կիպրոսի ելեւմուտքի նախարար Վասոս Սիարլիս կիպրական պատկերասփիւռի կայաններէն մէկուն հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ իր երկիրը մօտ օրէն կրնայ Եւրոպական Միութենէն ելեւմտական օգնութիւն խնդրել:

«Ասիկա հրատապ հարց է: Մեր դրամատան վերստին դրամագլուխներով օժտումը պէտք է մինչեւ 30 յունիս աւարտի, մնացած է քանի մը օր», ըսած է ան:

Կիպրոս մինչեւ այս ամսուան վերջը պէտք է որոշէ ինչպէ՛ս իրականացնել երկրի երկրորդ մեծագոյն դրամատան` «Սայփրըս Փոփիւլըր պանք»-ը վերստին դրամագլուխներով օժտելու հարցը: Դրամատան կարիքներուն համար անհրաժեշտ կրնայ ըլլալ 1.8 միլիառ եւրօ, ինչ որ երկրին համախառն ներքին արտադրութեան շուրջ 10 առ հարիւրն է:

Միեւնոյն ժամանակ Սիարլիս նշած է, որ օգնութիւնը միայն դրամատնային հատուածին պիտի չուղղուի:

Կիպրոս իր ընթացիկ կարիքները կը ֆինանսաւորէ Ռուսիայէն ստացած 2.5 միլիառ տոլարնոց վարկին շնորհիւ, որ ի տարբերութիւն Եւրոպական Միութեան ու Դրամական միջազգային ֆոնտի վարկերուն, պիւտճէական խիստ միջոցառումներ չի պահանջեր:  Ըստ կիպրական մամուլին, վարկի ստացման համար բանակցութիւններ կը կատարուին նաեւ Չինաստանի հետ, սակայն պաշտօնատար անձեր այս լուրը չեն մեկնաբաներ:

Եւրոպական Միութեան օգնութեան դիմելու պարագային Կիպրոս պիտի դառնայ եւրոյի գօտիի 17 երկիրներէն 5-րդը, որ գործընկերներու «փրկութեան» կարիքը ունի: Եւ որովհետեւ մասնատուած կղզիին տնտեսութիւնը կը կազմէ եւրոյի գօտիի համախառն ներքին արտադրութեան ընդամէնը 0.2 առ հարիւրը, ապա երկրին յատկացուող գումարը պիտի ըլլայ աւելի քիչ քան Յունաստանին, Իրլանտային եւ Փորթուգալին տրամադրուած ու Սպանիոյ խոստացուած գումարները:

 

Share this Article
CATEGORIES