Հայկազեան Համալսարանի Եւ ԼՕԽ-ի Համագործակցութեամբ Հայկական Ասեղնագործութեան Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութիւն
Հովանաւորութեամբ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, երէկ` երեքշաբթի, 12 յունիսի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան Ձեռարուեստի յանձնախումբի հայկական ասեղնագործութեան ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը` գործակցութեամբ Հայկազեան համալսարանի արուեստից կեդրոնին:
Ներկայ էր ընկերային հարցերու նախարարի ներկայացուցիչ Հաֆեզ Պու Լթէյֆ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ մեծ թիւով արուեստասէրներ:
Այս առիթով խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի հանրային կապերու պատասխանատու Միրա Եարտըմեան:
Եարտըմեան յայտնեց, որ Հայկազեան համալսարանը պատիւը ունի գործակցելու Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Ձեռարուեստի յանձնախումբին հետ` անգամ մը եւս ցուցադրելով բոլորին կողմէ սիրուած արուեստի գործեր` ձեռագործներ: Ան աւելցուց, որ Հայկազեանն ու ԼՕԽ-ը կը հաւատան նոյն երազներուն, կը հետապնդեն նոյն նպատակները եւ նոյն պատմութիւնը, որովհետեւ հայ մարդը իր ցաւերը մեղմացնելու միակ մխիթարանքը գտած է իր գործին մէջ, որ տուած է իրեն յոյս, հաւատք եւ համբերութիւն:
Միրա Եարտըմեան խօսելով ԼՕԽ-ի եւ Հայկազեանի համագործակցութեան մասին շեշտեց, որ Հայկազեանն ու ԼՕԽ-ը հիմնուած են ծառայելու հայ ժողովուրդի` մէկը ուսում ջամբելով, իսկ միւսը իր ընկերային ծառայութիւնն ու օժանդակութիւնները տրամադրելով հայերուն եւ լիբանանցիներուն, իսկ երկուքին հասարակաց եզրերէն է, որ Հայկազեան համալսարանը սփիւռքի մէջ հայկական միակ համալսարանն է, նոյնն է պարագան նաեւ ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի կեդրոնին, որ կ՛աշխատի Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ, իսկ պատրաստած ձեռագործները արդիւնքն են հայ կիներու աշխատանքին եւ աչքի լոյսին:
Իր խօսքի աւարտին Եարտըմեան շնորհակալութիւն յայտնեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ձեռարուեստի յանձնախումբին, որ հայ մշակոյթը կը տարածէ իր տարբեր աշխատանքներուն եւ նախաձեռնութիւններուն կողքին: Շնորհակալութեան խօսք ուղղուեցաւ նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրին, որ զօրակցութիւն յայտնած է այս ձեռնարկին:
Նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի ներկայացուցիչ Հաֆեզ Պու Լթէյֆ այս առիթով ներկաներուն փոխանցեց նախարար Ապու Ֆաուրի ջերմագին ողջոյնները: Ան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Հայկազեան համալսարանը եւ հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ոգին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ձեռարուեստի գործերուն` յայտնելով, որ անոնք կը խորհրդանշեն հայուն կամքը, համբերութիւնը եւ գոյատեւելու պայքարը:
Յայտնենք, որ այս առիթով ցուցադրուած էին Մարաշի, Այնթապի, Սվազի, Ուրֆայի, Վանի եւ այլ շրջաններու ձեռագործներ: Կային նաեւ ձեռագործներ ափսէներու, թէյի տուփերու եւ գոհարեղէններու տուփերու մէջ: Ինչպէս նաեւ սեղանի ծածկոցներ, մեծ թէ պզտիկ բարձրորակ գործեր:
Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ շաբաթ, 16 յունիս 2012, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00:




