Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանան 109-74 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնեց Եմէնը
Երէկ` Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն երկրորդ օրը, Լիբանանի ազգային խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 109-74 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնելով Եմէնը:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 35-11, 56-31, 83-47 եւ 109-74:
Երէկուան այս մրցումէն կը բացակայէր Լիբանանի խմբապետ Ֆետի Խաթիպ, այսուհանդերձ ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այսօր Իրանի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ պիտի սկսի ժամը 16:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Լիբանանէն ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Նետիմ Սայիտ` 19 կէտ եւ 13 ռիպաունտ, ապա` Էլի Սթեֆան եւ Հիւսէյն Խաթիպ` 18-ական կէտ, իսկ 13 կէտ նշանակեց Ժատ Պիթար:
CATEGORIES Մարզական

