Ամին Ժեմայէլ. «Պատրաստ Եմ Հանդիպում Ունենալու Սէյիտ Նասրալլայի Հետ»
Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ երէկ յայտնեց, որ երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը միայն զէնքի ազդակին վրայ չէ հիմնուած, այլեւ` երկրին տնտեսական վիճակին եւ ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ ներքին լիբանանեան այլ տուեալներու եւ ազդակներու վրայ:
Ժեմայէլ պատրաստակամութիւն յայտնեց հանդիպում մը ունենալու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ` աւելցնելով, որ իրենք պատրաստ են տեսակցելու եւ խորհրդակցելու բոլորին հետ:
Ժեմայէլ նկատել տուաւ, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ կացութիւնը մտահոգիչ է եւ վտանգաւոր` յայտնելով միաժամանակ, որ եթէ քաղաքական բռնարարքները շարունակուին, ապա անոնց հետեւանքը պիտի ըլլայ արիւնահեղութիւնը:
«Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ժեմայէլ յայտնեց, որ «Սուրիոյ նկատմամբ ինչ կեցուածք ալ որդեգրենք, կայ յստակ մէկ կեցուածք, որն է չէզոք մնալը եւ Լիբանանը այս կամ այն առանցքին մաս կազմելէ զերծ պահելը»:
Ժեմայէլ նշեց, որ Լիբանանի մէջ զէնքի գոյութիւնը մեծ հարց է` աւելցնելով, որ չորս տարի առաջ համաձայնութիւն մը գոյացած էր այդ զէնքին վերջ տալու, սակայն երկրին մէջ տիրող կացութիւնը ցարդ կը մնայ նոյնը:
Անդրադառնալով այն իրականութեան, որ Հըզպալլայի զէնքը պիտի չօգտագործուի լիբանանեան ներքին հարցերուն պարագային, Ժեմայէլ յայտնեց, որ հիմնական հարցը այդ զէնքին գոյութիւնն է, որովհետեւ անիկա լիբանանեան պետութեան օրինականութենէն դուրս է եւ կը խոցէ երկրին սահմանադրութիւնը:
Ժեմայէլ դիտել տուաւ, որ իրենք համաձայն չեն ներկայ կառավարութեան կազմին եւ պիտի ջանան կազմել փրկութեան կառավարութիւն մը:

