Վարչապետ Միքաթի Այցելեց Եարզէ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ընկերակցութեամբ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի, երէկ այցելեց Եարզէ, ուր դիմաւորուեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի կողմէ:
Ապա պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ բանակի սպայակոյտին հետ:
Իր խօսքին մէջ վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կառչած կը մնայ լիբանանեան բանակին զօրակցելու եւ օժանդակելու յանձնառութեան:
Վարչապետը ընդգծեց նաեւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու եւ ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` Լիբանանը հեռու պահելու համար սադրանքներէ եւ լարուածութենէ:
Ան շեշտեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն երաշխաւորելու համար երկրին բարգաւաճումն ու լիբանանցիին յառաջդիմութիւնը:
«Ոչ ոք պիտի կարենայ Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ մեր որդեգրած չէզոք կեցուածքը փոփոխութեան ենթարկել: Քաղաքական, տնտեսական թէ այլ ոչ մէկ ուժ կամ ճնշում կրնայ մեզի մղել մեր կեցուածքը կամ ազգային սկզբունքի մը նկատմամբ մեր կառչածութիւնը փոփոխութեան ենթարկել», ըսաւ ան:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանանի սահմանային թէ ներքին ապահովական կայունութեան հսկող բանակը եւ անոր դերակատարութիւնը կը մարմնաւորէ Լիբանանի կառավարութեան տուած չէզոք քաղաքականութեան յստակ որոշումը:
«Մենք ոչ մէկ ձեւով պիտի արտօնենք, որ լիբանանեան հողերը դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումի իբրեւ անցքեր ծառայեն, կամ դառնան այնպիսի ճամբաներ, ուրկէ զինեալներ կրնան ներթափանցել Սուրիա, կամ տրուին առիթներ` Լիբանան-Սուրիա սահմանային շրջանին մէջ անջատման գօտի մը ստեղծելու, եւ կամ զարգացնելու ահաբեկչութիւնն ու ծայրայեղութիւնը», ըսաւ վարչապետ Միքաթի:
Իր կարգին, զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ բանակը երբեք պիտի չզլանայ իր երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանելու իր առաքելութեան մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի դիմադրէ ծրագրուած սպանութիւններուն եւ պիտի պաշտպանէ երկրին սահմանները` իր բոլոր կարողութիւնները ի գործ դնելով:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի զօր. Քահուաժիի եւ նախարար Ղոսընի հետ շրջեցաւ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ:


