Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Դատական Իշխանութեան Գերագոյն Խորհուրդը

Նախագահ Սլէյմանը` արդարութեան նախարարին եւ խորհուրդի անդամներուն հետ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդը` ընկերակցութեամբ արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուիի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդին անդամներուն նշանակումը փաստ մըն է կառավարութեան աշխատանքին աշխուժացման: Ան աւելցուց, որ անհրաժեշտ է ամէն ջանք ի գործ դնել որդեգրելու համար այնպիսի բարեկարգումներ, որոնք կը հաստատեն դատական իշխանութիւններուն անկախութիւնը:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց դատաւորներուն լսելու իրենց խիղճին եւ զօրակցելու իրաւունքին ու օրէնքին: Ան հաստատեց, որ պէտք է բոլոր դատաւորները պայքարին յուսալքումին դէմ, որպէսզի կարելի ըլլայ դատական իշխանութիւնները անբիծ պահել:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք, որ քննարկեց յառաջիկայ սեպտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան այցելութեան մանրամասնութիւնները:

Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխաններ Ապտել Լաթիֆ Զէյն, Նիքոլա Ղոսըն եւ Ռոպեր Ֆատել:

 

Share this Article
CATEGORIES