Կառավարութիւնը Վաւերացուց Բարգաւաճման Ծրագիրներու Յատուկ Համաձայնագիրներ

Կառավարութիւնը կը յարգէ Ղասսան Թուէյնիի յիշատակը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ  վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի: Նիստէն բացակայեցան ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի եւ պետական նախարար Սելիմ Քարամ:

Կառավարութիւնը քննարկեց 92 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը. այդ կէտերուն մեծ մասը վարչական, բարգաւաճման եւ կրթական բնոյթ ունեցող հարցեր էին:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ նախկին նախարար, երեսփոխան, դիւանագէտ եւ լիբանանեան լրագրութեան սիւներէն Ղասսան Թուէյնիի կորուստը մեծ է եւ կը մնայ անփոխարինելի:

Միքաթի խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել Թուէյնիի յիշատակը:

Նիստին ընթացքին վարչապետը դրուատեց Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին տիրած ընդհանուր մթնոլորտը: «Լիբանանեան քաղաքական ղեկավարներուն կողմէ երկրին ապահովական կայունութեան յանձնառու մնալը կ՛ապահովէ երկրին պատուոյ ուխտը, ինչպէս նաեւ կ՛ամրապնդէ երկրին խաղաղութիւնը», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց Լիբանանը առանցքներու քաղաքականութիւններէն հեռու պահելու եւ չէզոք մնալու քաղաքականութիւն որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը:

Նշենք, որ երէկ կը զուգադիպէր կառավարութեան կազմութեան առաջին տարեդարձին: Այս առիթով Միքաթի շնորհաւորեց կառավարութիւնը եւ կոչ ուղղեց անոր իր աշխատանքները աւելի եւս աշխուժացնելու:

Կառավարութիւնը Ժոզեֆ Սըմահան, Անթոնի Իսա Խուրին եւ Նահիտա Խատտաշը նշանակեց Սահմանադրական խորհուրդի անդամներ:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը յանձնառու է ազատ խօսքին եւ կարծիքին, ինչպէս նաեւ տեղեկատուութեան եւ ցոյցերու ազատութեան, սակայն ան նախանձախնդիր կը մնայ նաեւ երկրին ապահովութեան խախտումին:

Ան նշեց, որ այսօր յետմիջօրէի 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծը քննարկելու կառավարութեան նիստը յետաձգուած է` ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատիի անհանգստութեան պատճառով:

Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է նաեւ հաւանութիւն ընծայելու Արաբական տնտեսական բարգաւաճման սնտուկին հետ համաձայնագիրին` ելեկտրական կայաններու վերաշինութեան աշխատանքին համար:

Կառավարութիւնը վաւերացուց նաեւ այլ համաձայնութիւն մը, որուն հիման վրայ ան պիտի նորոգէ Ժիէի եւ Զուքի ելեկտրական կայանները:

Տաուք նշեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուցած է նաեւ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդի մշակած 2011-2021 ռազմավարութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES