Ըստ «Համաշխարհային Խաղաղութեան Աղիւսակ»-ի Հայաստան Շրջանի Ամէնէն Խաղաղ Երկիրն Է

Հակառակ Սուրիոյ տագնապի սրման եւ Եւրոպայի մէջ հասարակական անկարգութիւններուն, աշխարհը աւելի խաղաղ դարձած է, նշուած է երէկ հրապարակուած Համաշխարհային խաղաղութեան աղիւսակին մէջ:

Հակառակ Սուրիոյ տագնապի գոյութեան, աշխարհը 2012-ին աւելի խաղաղ է: Աշխարհը խաղաղութեան ցուցանիշերով բարելաւում արձանագրած է, մասնաւորաբար ափրիկեան երկիրներուն մէջ: Ասիկա աշխարհի մակարդակով վերջին երկու տարուան ընթացքին խաղաղութեան ցուցանիշի առաջին բարելաւումն է: Անդրսահարեան Ափրիկէն այլեւս աշխարհի ամէնէն քիչ խաղաղ շրջանը չէ, այլ` Միջին Արեւելքը եւ Հիւսիսային Ափրիկէն` «Արաբական գարնան» պատճառով:

Միջին Արեւելքէն բացի աշխարհի բոլոր միւս շրջաններուն մէջ բարելաւման ցուցանիշ արձանագրուած է: Վիճակի ամէնէն ծայրայեղ վատթարացումը արձանագրուած է Սուրիոյ մէջ: Սուրիա իր դիրքը զիջած է 30 կէտով` դառնալով աշխարհի 158 երկիրներու շարքին 147-րդ ամէնէն խաղաղ երկիրը: Սակայն աշխարհի ամէնէն ոչ անվտանգ վայրը արդէն երկրորդ տարին ըլլալով Սոմալին է: Լիբանան 2011-ի համեմատ մէկ դիրք կորսնցնելով գրաւած է 136-րդ դիրքը: Եգիպտոս քառասուն կէտ կորսնցնելով գրաւած է 111-րդ դիրքը:

Հայաստան իր շրջանի ամէնէն խաղաղ երկիրն է: Ան գրաւած է ցուցակին 115-րդ դիրքը, Իրանը 128-րդը, Թուրքիան` 130-րդը, Ազրպէյճանը` 132-րդը, իսկ Վրաստանը` 141-րդը:

 

Share this Article
CATEGORIES