«Միացեալ Նահանգներ Յոյս Ունին, Որ Թուրքիա Արձանագրութիւնները Վաւերացնելու Ուղղութեամբ Քայլերու Պիտի Ձեռնարկէ» Կ՛ըսէ Ֆիլիփ Կորտըն
Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Կորտըն մասնակցած է «Ամերիկայի թուրքերու խորհուրդ»-ի 31-րդ ժողովի բացման արարողութեան եւ իր արտասանած խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարցին:
Կորտըն նշած է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացումը շրջանին համար շատ կարեւոր զարգացում պիտի ըլլայ: «Այս շրջանը ոչ թէ փակ սահմաններու եւ արգելքներու, այլ բաց սահմաններու եւ աւելի շատ դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարիք ունի», ըսած է ան:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տեղակալը նշած է, որ խնդիրի լուծման համար տակաւին ժամանակ կայ եւ իրենք յոյս ունին, որ Թուրքիան արձանագրութիւնները վաւերացնելու ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկէ:
Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Թուրքիա նաեւ Իսրայէլի հետ խնդիրները լուծէ:
Անդրադառնալով Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններուն` Կորտըն նշած է, որ երկու երկիրները բազմաթիւ հարցերու մէջ շատ արդիւնաւէտ համագործակցութեան մէջ են:
Ան յայտարարած է, որ Իրանի հարցին մէջ, եթէ նախապէս Թուրքիոյ հետ տարակարծութիւններ եղած են, ապա այժմ անոնք չկան, եւ իրենք ամէն ինչ ըրած են զանոնք յաղթահարելու համար:
Կորտըն ըսած է, որ Իրանի հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներ «դիւանագիտական» միջոցներ ու «ճնշումներ» ներառող մօտեցումներ ունին եւ Իրանէն ուժանիւթի ներածման ծաւալները նուազեցնելուն համար Թուրքիայէն գոհ են:


