Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Այսօր Ազրպէյճանի Նոր Դեսպանի Նշանակման Հարցը Պիտի Քննարկէ
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը այսօր պիտի քննարկէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի առաջարկած թեկնածուն` Ռիչըրտ Մոռնինկսթարը Ազրպէյճանի մէջ դեսպան նշանակելու հարցը:
Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակի ղեկավար Արամ Համբարեան կը յայտնէ, որ «դեսպան Մոռնինկսթարի նշանակումը ծերակոյտին համար առիթ մըն է լոյս սփռելու Միացեալ Նահանգներ-Ազրպէյճան յարաբերութիւններուն վրայ եւ հասկնալու, թէ արդեօք Միացեալ Նահանգներու վարչակազմը պատրա՞ստ է ընդունիլ Պաքուի սպառնալիքները եւ յարձակումի մարտահրաւէրները, թէ՞ պարզապէս պիտի շարունակէ ոգեւորել Իլհամ Ալիեւի ռազմական լարուածութիւնը աւելցնելուն եւ մինչեւ պատերազմ երթին»:
Ռիչըրտ Մոռնինկսթար այժմ Եւրասիոյ ուժանիւթի հարցերով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ ներկայացուցիչն է: Ան 1999-2001-ին Եւրոպական Միութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան եղած է:


