Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Փոխանցուած Է Քնեսեթի Կրթութեան Ու Մշակոյթի Յանձնախումբին

Ռէուվեն Ռիվլին

Իսրայէլի Քնեսեթի ընդլայնուած նիստին ընթացքին երէկ քննարկուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը: Իսրայէլացի պետական եւ քաղաքական գործիչ, Քնեսեթի անդամ Զէեւ Էլքին PanArmenian.net կայքէջի թղթակիցին յայտնեց, որ «առանձնապէս նիստին ընթացքին ոչ մէկ նոր բան ըսուած է»:

Ան նաեւ ըսաւ, որ հարցը արդէն փոխանցուած է Իսրայէլի Քնեսեթի կրթութեան ու մշակոյթի յանձնախումբի քննարկման: «Այդ քննարկումը զուտ արարողակարգային է, թեմաթիք: Ոչ մէկ նոր հարց Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին վերաբերեալ յառաջ պիտի քաշուի, որովհետեւ նիստը ընդլայնուած է», նշեց Էլքին:

Քննարկման նախաձեռնողը ընկերվարական Մերեց կուսակցութեան երեսփոխան Զահաւա Կալ-Օնն է, որ ստացած է Քնեսեթի նախագահ, Լիքուտ կուսակցութեան անդամ Ռէուվեն Ռիվլինի աջակցութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES