«Անընդունելի Է, Երբ Քաղաքական Հետապնդումը Կը Քողարկուի Քրէական Մեղադրանքներով» Կ՛ըսէ Վահան Յովհաննիսեան
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան չբացառեց, որ Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Վարդան Օսկանեանի դէմ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ քրէական գործ յարուցելու փաստը կրնայ կապուած ըլլալ անոր քաղաքական գործունէութեան աշխուժացման հետ:
Ան յայտնեց, որ անշուշտ պահու ընտրութիւնը կրնայ որոշ կասկածներ յառաջացնել:
Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ Վարդան Օսկանեանը եւ անոր ընտանիքը անձամբ ճանչնալով, խիստ կը կասկածի, որ ան կրնար ներգրաւուած ըլլալ այսպիսի ծանր յանցագործութեան մէջ, բայց քանի որ ծանօթ չէ գործի մանրամասնութիւններուն, չի գիտեր, թէ ի՛նչ փաստարկներու կամ ապացոյցներու վրայ հիմնուած են այդ մեղադրանքները, ապա իրաւական գնահատականներ չի կրնար տալ:
«Մէկ բան գիտեմ, որ եթէ քրէական մեղադրանքներով կը քողարկուի քաղաքական հետապնդումը, ասիկա ինծի եւ Դաշնակցութեան համար բացարձակապէս անթոյլատրելի եւ անընդունելի է, մենք միշտ այսպիսի երեւոյթներուն դէմ եղած ենք եւ պիտի ըլլանք: Բայց յստակ իրաւական բնոյթի քննարկում ես չեմ կրնար ընել, որովհետեւ բացարձակապէս ծանօթ չեմ մեղադրանքի բնոյթին: Կը կասկածիմ, սակայն, որ այսպիսի մեղադրանքներ կրնան իսկապէս Օսկանեանին վերաբերիլ», նշեց դաշնակցական գործիչը:


