Օսկանեան. «Դրամ Լուալու Համար Նախ Դրամը Պէտք Է Կեղտոտ Ըլլայ»

Վարդան Օսկանեան

Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան անդամ Վարդան Օսկանեան երէկ դարձեալ տարածեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ արձագանգեց Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աւելի կանուխ հրապարակած յայտարարութեան:

Ան նշեց, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տարածեց յայտարարութիւն մը, որով փորձ կը կատարուի ցոյց տալ, որ յարուցուած քրէական գործը քաղաքական պատուէր չէ: «Կը կրկնեմ` ատիկա միանշանակ քաղաքական պատուէր է եւ կ՛ուզեմ ըսել հետեւեալը` «դրամներ լուալ-Օսկանեան-Հանթսման» բառերը մէկ նախադասութեան մէջ չեն կրնար ըլլալ: Դրամ լուալու համար նախ դրամը պէտք է կեղտոտ  ըլլայ: Այս պարագային դրամի աղբիւրները յայտնի են, գնորդը յայտնի է, դրամի փոխանցումը ինծի եւ «Սիվիլիթաս»-ին նուիրատուի  ցանկութեամբ եղած է թափանցիկ եւ դրամատան միջոցով», ընդգծեց Վարդան Օսկանեան:

Օսկանեան յայտնեց, որ ըստ իրաւաբաններուն, այս գործարքին մէջ որեւէ հարկային պարտաւորութիւն չէ  յառաջացած: Իսկ, ըստ համաձայնագիրին, «ստացողին փոխանցուելիք գումարները կը դիտարկուին իբրեւ նուէր, զոր ստացողը իրաւունք ունի օգտագործել իր հայեցողութեամբ եւ իր կանոնադրական նպատակներուն իրականացման համար»:

Օսկանեան շեշտեց, որ միայն քաղաքական նպատակ հետապնդողը կրնայ բարի մարդու բարի գործը վերածել քաղաքական մանրադրամի:

Share this Article
CATEGORIES