25-30 Յունիսին Համալսարաններու Թենիսի Ախոյեանութիւն` Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ
Յառաջիկայ 25-30 յունիսին, Լիբանանեան համալսարանին մէջ (Հատաս) տեղի պիտի ունենայ Համալսարաններու թենիսի ախոյեանութիւնը` հսկողութեամբ Լիբանանեան համալսարաններու մարզական ֆետերասիոնին: Տեղի պիտի ունենան տղոց եւ աղջկանց անհատական եւ զոյգի մրցումներ:
Այս ախոյեանութեան մասնակցիլ փափաքողները պէտք է իրենց անունները արձանագրեն նախքան 23 յունիսը: Իւրաքանչիւր մրցումի (անոնք պիտի սկսին ժամը 14:00-էն սկսեալ) բոլորն ալ պարտին ցոյց տալ (իւրաքանչիւր մրցումէ առաջ) իրենց 2012 տարուան համալսարանական քարտերը:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կապ հաստատել թենիսի յանձնախումբի նախագահ Եուսեֆ Զէյնի հետ կամ հեռաձայնել 70-983455 թիւին եւ կամ կապուիլ [email protected] ե-նամակի հասցէին:
CATEGORIES Մարզական

