Փինկ Փոնկ. Ատել Հաքիմի Անուան Միջազգային 2-րդ Մրցաշարքը Սկսաւ
Երէկ Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսաւ Ատել Հաքիմի անուան միջազգային 2-րդ մրցաշարքը` մասնակցութեամբ արաբական եօթը երկիրներու 57 վեթերան մարզիկներու:
Նշենք, որ տեղի կ՛ունենան 30, 40, 50 եւ 60 տարեկանէն վար դասակարգի տղոց մրցումներ:
Տեղացի մարզիկներուն կարգին է Յարութ Թաշճեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ 30 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն: Ան երէկ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մարուան Ռասիէն:
Այսօրուան մրցումները կը սկսին յետմիջօրէի ժամը 16:00-էն սկսեալ:
CATEGORIES Մարզական

