Լիբանանի Պասքեթպոլի Աղջկանց Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Հուփս Հանդիսացաւ Ախոյեան Եւ Բարձրացաւ Ա. Դասակարգ
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երրորդ եւ վերջին մրցումին, Հուփս երկարաձգման ընթացքին կէտի մը տարբերութեամբ` 58-57 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ եւ 2-1 արդիւնքով գերազանցելէ ետք Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլը, հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան եւ բնականաբար ապահովեց Ա. դասակարգի իր տոմսը:
ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 13-18, 28-22, 38-32 եւ 51-51, որմէ ետք երկարաձգումը` 58-57:
Մրցումին իրաւարարներն էին Փոլ Սըքայեմ եւ Ժորժ Սաատ:
Աւարտին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի գանձապահ Վիգէն Չերչեան ախոյեանութեան տիտղոսը եւ մետալները յանձնեց Հուփսի մարզիկներուն, իսկ Հուփսի նախագահ Ժասեմ Քանսօ 2-րդ դիրքի տիտղոսը եւ մետալները` Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլի մարզիկներուն:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ գրաւեց երրորդ դիրքը, իսկ Պիլիվըրզ` չորրորդ դիրքը:
Նշենք, որ Հուփսի հետ Ա. դասակարգ բարձրացող խումբին անունը պիտի յստականայ, երբ տեղի ունենայ փլէյ-օֆի մրցումը` Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլի եւ Ռիատի Պէյրութի աղջիկներուն միջեւ:


