Գաղութէ – Գաղութ
Հայաստանի Հանրապետութեան
94-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ
Թեհրան
25 մայիսին Թեհրանի Ս. Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի, մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն ընթացքին կատարուեցաւ հանրապետական մաղթանք` Հայաստանի հանրապետութեան հիմնադրութեան 94-ամեակին առիթով, նաեւ օրհնուեցաւ հայոց եռագոյնը:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն, 1918 թուականի Մայիսեան ճակատամարտերու ընթացքին նահատակուած հայորդիներու հոգւոյն:
Յունաստան
Կազմակերպութեամբ Թեսաղոնիկէի Համազգային միութեան, 27 մայիսին «Աւլէա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ա. անկախութեան նուիրուած ձեռնարկ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Էւղենիա Հայրապետեան: Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ապա հոգեւոր հովիւ Սահակ վրդ. Եմիշեան փոխանցեց օրուան պատգամը: Ան ամփոփ կէտերու մէջ
անդրադարձաւ հայոց պատմութեան եւ անոր ելեւէջներուն` շեշտելով հայու նկարագիրը, ոգին, արժէքները, անցած ճամբաները եւ գոյատեւման հիմնական պատճառները: Ան ընդգծեց, որ մայիս 28-ը իւրաքանչիւր հայուն աւանդ ձգած է` պաշտպանել հայրենիքը, եկեղեցին, հայ լեզուն, մշակոյթը, հայու ոգին եւ նկարագիրը: Անդրադառնալով հայրենիքէն հեռու ապրող հայորդիներու հայապահպանման եւ ձուլման հարցերուն` Սահակ վրդ. Եմիշեան կոչ ուղղեց բոլոր հայրենակիցներուն` արթուն եւ գիտակից ըլլալ այն վտանգներուն դէմ, որոնք պիտի վնասեն հայու նկարագրին, ազգային ինքնութեան եւ հոգեւոր արժէքներուն:
Մոսկուա
Կազմակեպութեամբ ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակին եւ «Ջաւախքի զաւակներ» կազմակերպութեան, 25 մայիսին Մոսկուայի գրողներու տան մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
ՀՅԴ Մոսկուայի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Եուրի Նաւոյեան նշեց, որ հայկական պետականութեան վերականգնումը հնարաւոր դարձաւ ազատագրական պայքարի եւ հայութեան ներուժի համախմբման շնորհիւ: Ան հաստատեց, որ այդ ժամանակաշրջանէն հայութիւնը պահպանած է օրհներգը, զինանշանն ու դրօշը, եւ այսօր Հայաստանի մէջ քաղաքական ուժերն ու հասարակութիւնը կը ձգտին հետեւիլ այն քաղաքական ընթացքին, որուն հիմքը դրուած է 1918-ի մայիսին:
Ռազմավարական հետազօտութիւններու ռուսական հիմնարկի «Ազգային ռազմավարութեան հիմնահարցեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Աժտար Քուրտով իր ելոյթին մէջ նկատել տուաւ, որ պատերազմները շատ ազգերէ խլած են անոնց գիրն ու պատմամշակութային վկայութիւնները: Սակայն Հայաստանի պարագային անկախութիւնը պատճառ դարձաւ հայերու ուժեղացման:
«Արարատ» միութեան նախագահ Էմանուէլ Դոլբակեան ընդգծեց, որ 1918-ին հայերը Սարդարապատի մէջ հրաշք գործեցին` Երեւանն ու Արեւելեան Հայաստանը փրկելով թրքական ներխուժումէ:
Երեկոյի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Հոլանտա
Կազմակերպութեամբ Հոլանտայի ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէին, 26 մայիսին Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջտեղի ունեցաւ ձեռնարկ` նուիրուած Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 94-ամեակին եւ Շուշիի ազատագրման 20-ամեակին:
Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաճանեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ առաջին հանրապետութեան կարեւորութեան եւ անոր ունեցած արտացոլացումին` հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան մէջ: Դեսպանը ընդգծեց, որ հակառակ բազմաթիւ դժուարութիւններուն, հայ ժողովուրդը կրցաւ յաղթել ղարաբաղեան ճակատին վրայ որովհետեւ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը կրցաւ իր նպաստը բերել ազգի ու պետութեան պահպանման ու գոյատեւման գործին:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ վաւերագրական ժապաւէն մը` Շուշիի ազատագրման մասին, որմէ ետք ազգային-հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցաւ Գառնիկ Սարգիսեան:
Քանատա
ՆախաձԵռնութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի եւ Քանատայի խորհրդարանին մէջ գործող Քանատա-Հայաստան բարեկամութեան, 28 մայիսին Քանատայի ծերակոյտին մէջ` տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Բացման խօսքին մէջ դեսպան Արմէն Եկանեան նշեց, որ 94 տարի առաջ հայերը ապացուցեցին աշխարհին, որ ոչ միայն կրնան գոյատեւել, այլեւ կրնան յաղթանակել եւ վերականգնել սեփական պետականութիւնը:
Կազմակերպուեամբ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակին, 28 մայիսին Քանատայի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ:
Օրուան հանդիսավար Թալին Ապրաքեանի բացման խօսքէն ետք Քանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Եգանեան պատմական ակնարկով մը նշեց, թէ ինչպէ՛ս հայ ժողովուրդը 1918-ի մայիսեան ճգնաժամային եւ օրհասական օրերուն վերապրեցաւ: Դեսպանը նաեւ բարձրօրէն գնահատեց հայ-քանատական ներկայ օրերու քաղաքական եւ դիւանագիտական սերտ համագործակցութիւնը:
Մայիս 28-ի անկախութեան խորհուրդին մասին անդրադարձաւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան:
Հանդիսութեան ընթացքին Քանատայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման 10-րդ տարեդարձին առիթով Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը յատուկ գնահատագիրով պատուեց Քանատայի ծերակոյտի հայազգի անդամ Ռէյմոնտ Սեթլաքուին: 83-ամեայ ծերակուտականը խօսք առնելով` յայտնեց, որ հակառակ արտաքին եւ ներքին ճնշումներու` յաջողութեամբ պսակուեցաւ ծերակոյտին թիւ 44 օրինագիծը վաւերացնելու համար սկիզբ առած արշաւը, որ խթան հանդիսացաւ երկու տարի ետք Քանատայի Խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման Էմ-380 օրինագիծի յաջողութեան:
Յատուկ գնահատագիր ստացաւ նաեւ Հայ դատի երկարամեայ բարեկամ Քանատայի խորհրդարանի անդամ Ճիմ Քարիճիանիս:
Ս. Փեթերսպուրկ
26 մայիսին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ նշուեցաւ անկախութեան տօնը: Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Վարդան Յակոբեան խօսք առնելով` ընդգծեց Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կարեւոր դերն ու նշանակութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, նաեւ Հայոց պետականութեան վերածնունդի գործին մէջ:
27 մայիսին հայ համայնքի մշակութային կեդրոնին մէջ եւս նշուեցաւ անկախութեան տօնը:
Աւստրալիա
26 մայիսին Սիտնիի մէջ նշուեցաւ անկախութեան տօնը:
Օրուան հանդիսավար Սեւակ Վարժապետեան պատմական ակնարկ մը նետեց Սարդարապատի, Ղարաքիլիսայի եւ Բաշ Ապարանի հերոսամարտերուն վրայ:
Կարօ Քէշիշեան կարդաց ՀՅԴ Աւստրալիոյ «Դրօ» կոմիտէի պաշտօնական ուղերձը` նշելով, որ 1918 մայիսի 28-ին հռչակուած անկախութիւնը այսօրուան ազատ Հայաստանի ստեղծման բանալին էր: Ան կոչ ուղղեց երիտասարդութեան` պահպանելու իրենց նախնիներու մարտական ոգին, որովհետեւ տակաւին շատ աշխատանք կայ տարուեիք` հասնելու համար հայ ժողովուրդի նպատակներուն:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Նոր Ջուղա
Հայոց Ցեղասպանութեան
97-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկ
Նախաձեռնութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան 97-րդ տարելիցի ոգեկոչման Նոր Ջուղայի յանձնախումբին եւ համագործակցութեամբ` «Ռուբէն» Երիտասարդական միութեան ու «Արարատ» միութեան ուսանողական միաւորին, 23 մայիսին հայոց ազգային կրթահամալիրի «Ալենուշ Տէրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամէնամեայ դրութեամբ կազմակերպուող ձեռնարկը` պարսիկ հայրենակիցներու համար:
Յայտագրի սկզբնաւորութեան ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յոտնկայս յարգեցին մէկուկէս միլիոն անմեղ զոհերուն յիշատակը, որմէ ետք կարդացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 97-րդ տարելիցի ոգեկոչման Նոր Ջուղայի յանձնախումբին խօսքը: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Առաքելեան, որ խօսեցաւ «Հայոց ցեղասպանութեան հարցը` Իրանի գրողներու եւ գիտաշխատողներու գրութիւններուն մէջ» նիւթով: Բանախօսութեան յաջորդեցին գեղարուեստական կատարումներ:
Ատրպատական
Արամ Ա. Կաթողիկոս
Թաւրիզի Մէջ
20 մայիսին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս այցելեց Թաւրիզ` շարունակելով իր հովուապետական այցելութիւնը իրանահայ երեք թեմերուն:
Թաւրիզի միջազգային օդակայանին մէջ վեհափառ հայրապետը դիմաւորուեցաւ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդին, պետական պատասխանատուներուն, Թեմական խորհուրդին եւ պատգամաւորական ժողովի ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Լիլաւայ թաղամասի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք: Ապա կաթողիկոսական փոխանորդ Գրիգոր ծ. վրդ. Չիֆթճեան խօսք առնելով` հաստատեց, թէ սփիւռքի գաղութները կը գոյատեւեն իրենց հոգեւոր ու ազգային արժէքներով, հայ մշակոյթով ու ազգային աւանդութիւններով:
Վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղելով ներկայ հաւատացեալներուն` նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ հինգերորդ անգամն ըլլալով հովուապետական այցելութեամբ կը գտնուի Ատրպատական: Ապա ան գնահատեց թեմի զաւակներուն մասնակցութեան ոգին` ազգային եկեղեցական կեանքին եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Ատրպատականի հայոց թեմը վերակազմակերպման նոր հունի մէջ մտած է, հինգ ամիս առաջ նշանակուած կաթողիկոսական փոխանորդին աշխատանքով եւ թեմի բոլոր կառոյցներուն գործակցութեամբ: Վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց համախմբուելու Ազգային առաջնորդարանին եւ կաթողիկոսական փոխանորդին շուրջ` ծաղկեցնելու համար Ատրպատականի հայոց թեմին կեանքը:
Ռուսիա
Զօրավար Անդրանիկին Եւ Գարեգին
Նժդեհին Նուիրուած Յուշակոթող
Նախաձեռնութամբ Ռուսիոյ հայերու միութեան «Արմաւիր» մասնաճիւղի երիտասարդական կոմիտէին, Սոչի քաղաքին մէջ հայ ազգային-ազատագրական շարժման հերոս Անդրանիկ Օզանեանի արձանի կազմաքանդումէն մէկ տարի ետք, Ռուսիոյ Քրասնոտար երկրամասի Արմաւիր քաղաքին մէջ 28 մայիսին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան տարեդարձին առիթով Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ բացումը կատարուեցաւ շարժման երկու հերոսներու` Զօրավար Անդրանիկին ու Գարեգին Նժդեհին նուիրուած յուշակոթողին:
Ելոյթ ունեցողները իրենց խօսքերուն մէջ շեշտեցին հայկական պետականութեան վերականգնման գործին մէջ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի ու Ղարաքիլիսէի մէջ թրքական բանակին նկատմամբ տարուած հերոսական յաղթանակները:
Գերմանիա
Գերմանիոյ Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանին
Այցելութիւնը` Հայկական Եկեղեցի
Գերմանիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուսէյն Աւնի Կարսլըօղլու վերջերս հանդիպում ունեցաւ Քէօլնի պոլսահայ համայնքին նաեւ Գերմանիոյ հայկական համայնքի հոգեւոր հովիւ Գարեգին Պեքչեանին հետ:
Դեսպանը նկատել տուաւ, որ ինք հետաքրքրուած է Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիներով աւելցնելով, որ աշխարհը փոխուած է եւ անցեալին որոշ ցաւեր եղած են, սակայն պէտք է նաեւ նայիլ ապագայի:
Հոգեւոր հովիւ Գարեգին Պեքչեան իր կարգին թուրք դեսպանին իր գոհունակութիւնը յայտնեց Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներու վերադարձի մասին օրէնքի կապակցութեամբ: Ան նաեւ դեսպանին նուիրեց Թուրքիոյ հայերու մասին գիրք մը:
Փարիզ
Ցուցահանդէս` «Անաքօ» Տափանաւի
5 յունիսին Փարիզի «Անաքօ» տափանաւին մէջ, երրորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ բացումը «ՏիասփոԱրթ» հաւաքական ցուցահանդէսին որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանէն` Ալպէր Յակոբեան, Մարին Տիլանեան, Լիբանանէն` Տարիա Խտըշեան, Ֆրանսայէն` Հրաչ Արպաշ, Քրիսթիան Յակոբեան, Լորան Նիսու, Քլոտ Պելանժէ, Տիպասար, Մարգարամ Հայրապետեան, Ֆլորան Գոլանճեան, Փարիս, Ալեքսի Բազումեան եւ Վաչէ Տեմիրճեան:
Բացման հանդիսութեան ցուցադրուեցաւ «Սփիւռքանաւ» խորագիրը կրող ժապաւէն մը` պատրաստուած Ֆլորան Գոլանճեանին կողմէ:
Միացեալ Նահանգներ
Առաջնորդը Ընդունեց Լիբանանի
Նոր Գլխաւոր Հիւպատոսին Այցելութիւնը
18 մայիսին, Ազգ. առաջնորդարան այցելեց Լիբանանի նոր նշանակեալ գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմը եւ հանդիպում ունեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին հետ: Հանդիպման ներկայ եղան Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան եւ Ազգ. վարչութեան փոխատենապետ Ճորճ Չորպաճեան:
Հանդիպումը առիթ եղաւ ընդհանուր գիծերու մէջ ծանօթացնելու առաջնորդարանի առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ` անոր հովանիին տակ տարուող եկեղեցական եւ ուսումնական աշխատանքներուն ծիրը: Կարեւորութեամբ վեր առնուեցաւ այն իրողութիւնը, որ Լիբանանէն Միացեալ Նահանգներ հաստատուած լիբանանցիներ, ի շարս որոնց` հայեր, սերտօրէն կապուած կը զգան լիբանանեան հայրենիքին ու կը գործեն ի խնդիր անոր բարօրութեան: Ճոնի Իպրահիմ դրուատիքով խօսեցաւ Լիբանանի հայութեան հայրենասիրական վերաբերմունքին ու Լիբանանի հասարակական կեանքին մէջ անոր ունեցած ներդրումին մասին:
Սրբազանը հրաժեշտի պահուն հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմին նուիրեց առաջնորդարանն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ծանօթացնող հրատարակութիւններ:
Քանատա
Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ընդգրկուած Է
Քանատայի Մարդկային Իրաւանց Եւ
Ցեղասպանութեանց Թանգարանին Մէջ
29 մայիսին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով Մոնրէալի Հայ կեդրոն այցելեցին Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի հանրային յարաբերութեանց պատասխանատու Անժելա Քասի եւ արխիւներու հետազօտութեանց բաժանմունքի վարիչ տոքթ. Քլինթ Քըրլ: Պաշտօնական այս հանդիպման նպատակն էր քանատահայութեան համայնքային ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն ծանօթացնել Մարդկային իրաւանց թանգարանին մասին:
Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան կատարեց հանդիպման բացումը եւ հրաւիրեց Անժելա Քասին, որ տեղեկութիւններ փոխանցէ թանգարանին մասին: Անժելա Քասի յայտնեց, որ թանգարանը կը գտնուի Մանիթոպա նահանգի Ուինիփեկ քաղաքին մէջ: Կառուցման աշխատանքները սկսած են 2007-ին եւ պիտի աւարտին 2014-ին: 2007-ին վարչապետ Հարփըր թանգարանը հռչակեց ազգային թանգարաններուն շարքին գործող թանգարան:
Անժելա Քասի թուեց թանգարանին տարբեր բաժանմունքներուն եւ յարկերուն մէջ ներկայացուած տաղաւարները: Ան յայտնեց նաեւ, որ թանգարանը յատուկ դաստիարակչական ծրագիր մը մշակելու գործընթացին մէջ կը գտնուի, որուն նպատակն է Քանատայի վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններու մէջ մարդկային իրաւանց եւ ցեղասպանութեանց պատմութիւնը ուսուցանել:
Թանգարանին երրորդ յարկի ազգերու ցեղասպանութեանց նուիրուած բաժանմունքին մասին բացատրութիւններ փոխանցելով` տոքթ. Քլինթ Քըրլ յայտնեց, թէ Հրէական ողջակիզումի բաժանմունքի` Ռաֆայէլ Լեմքինին ձօնուած տաղաւարին մէջե ցեղասպանութիւն յղացքի բացատրութեան ընդմէջէն, կը ծանօթացուի տարբեր ցեղասպանութիւններու մասին: Այստեղ կը ներկայացուի մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներուն պատմականը` յատուկ շեշտ դնելով հրէական, հայկական, ռուանտական ցեղասպանութեանց, ուքրանական սովասպանութեան եւ Սրեպրինիցայի ջարդին մասին: Այս յարկի վերջին ենթաբաժինը կ՛անդրադառնայ ցեղասպանութեան ժխտումին եւ ուրացումին մասին եւ այդ երեւոյթը համաշխարհայնօրէն դատապարտելու անհրաժեշտութեան մասին:
Տոքթ. Քլինթ խօսքի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին` անցնող տարիներու համագործակցութեան համար, «Զօրեան» հիմնարկին, Հայաստանի մէջ Ցեղասպանութեան թանգարանին եւ Արմին Վեկների արխիւային հաստատութեան:
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

