Հայրերու Օր Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Հայ աւետ. քոլեճի տիկնանց ընկերային յանձնախումբին, շաբաթ, 2 յունիս 2012-ի երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ Հայ աւետ. քոլեճի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հայրերու տօնին նուիրուած ձեռնարկ:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով օրուան հանդիսավար Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն: Ան շնորհաւորեց բոլոր հայրերուն տօնը` մաղթելով անոնց կեանքին մէջ յաջողութիւն, համբերութիւն, առողջութիւն: Ապա Մխսեան հրաւիրեց վարժարանի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը` փոխանցելու իր խօսքը:

Տնօրէնը իր կարգին շնորհաւորելէ ետք հայրերու տօնը, ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց վարժարանին ունեցած տարեկան գործունէութիւնը: Ան նաեւ գնահատեց Տիկնանց ընկերային յանձնախումբին աշխատանքը` թուելով տարուան ընթացքին կազմակերպած ձեռնարկները:

Հայ աւետ. Ա. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ պատ. Հրայր Չոլաքեան կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, որմէ ետք վարժարանին պարախումբը ներկայացուց «Սասնայ պար»-ը: Յայտնենք, որ պարախումբը 13 մայիսին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ, 13 վարժարաններու կարգին, իր մասնակցութիւնը բերած էր «Ֆոլք տենս»-ի ելոյթին: Ապա վարժարանի աշակերտուհի Շուշան Քէշիշեան ներկայացուց մենապար մը:

Ձեռնարկին ընթացքին բաւական ճոխ մթնոլորտի մէջ գործադրուեցաւ քարաօքէ եւ կազմակերպուեցան խաղեր, որմէ ետք բոլոր հայրերուն բաժնուեցան յուշանուէրներ:

Share this Article
CATEGORIES