«Ուրբաթագիրք»-ի Եւ Հնատիպ Գիրքերու Ցուցահանդէսի Բացում` Քասլիքի Համալսարանին Մէջ
Հովանաւորութեամբ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ Զմմառու վանքին, ինչպէս նաեւ համատեղ գործակցութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» մշակութային կեդրոնի եւ Քասլիքի «Ս. Հոգի» համալսարանի «Փիւնիկ» կեդրոնի, հինգշաբթի, 31 մայիս 2012-ին, Քասլիքի համալսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Հնատիպ գիրքերու եւ ձեռագիրներու» 8-րդ ցուցահանդէսին, որ կ՛ընդգրկէ նմուշներ Զմմառու Վերափոխեալ Կուսի վանքի գանձերէն:
Այս տարի «Ուրբաթագիրք»-ը բոլորեց իր տպագրութեան 500-ամեակը` իբրեւ որպէս առաջին հայերէն տպագիր գիրք: Զմմառու վանքը սեփականատէրն է «Ուրբաթագիրք»-ի միակ օրինակին Լիբանանի մէջ: Վանքին մատենադարանը հարուստ է նաեւ հնատիպ այլ հայերէն գիրքերով` տպուած տարբեր քաղաքներու եւ տարբեր ժամանակներու մէջ:
Այս առիթով խօսք առնելով` ամենապատիւ հոգեւոր տէրը վեր առաւ հայոց տպագրութեան մեծ դերը` գիտութեան տարածման նուիրական գործին մէջ: Ան միաժամանակ ընդգծեց հայ մշակոյթին կարեւոր ներդրումը լիբանանեան բազմազան մշակութային ընկերութեան մէջ` այս ձեռնարկը համարելով իբրեւ առիթ բացուելու եւ սերտօրէն յարաբերելու շրջապատին հետ: Ան ըսաւ, թէ եկեղեցին մեզմէ կը խնդրէ գտնել նոր միջոցներ հաղորդելու համար քրիստոնեայ հաւատքը երիտասարդ սերունդին, որ հետզհետէ կը կորսնցնէ իր հաւատքը: Կենսական է, աւելցուց հոգեւոր տէրը, ոչ միայն ճանչնալ Աստուծոյ Խօսքը, այլ զայն ապրիլ ու մեր խօսքերէն աւելի մեր գործերով վկայել Աստուծոյ անհուն սիրոյ մասին:
Համալսարանի տնօրէն հայր Հատի Մահֆուզ իր խօսքին մէջ ընդգծեց հայ առաջին տպագիր հատորին` «Ուրբաթագիրք»-ին կարեւորութիւնը քրիստոնեայ արեւելեան մշակոյթին համար: Ան անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ վսեմ առաքելութեան` յիշելով Զմմառու Տիրամօր դարաւոր վանքը եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին արձանին կանգնումը Հռոմի մէջ 2008-ին` իբրեւ հայ ազգի մշակութային ու հոգեւոր արժէքներու մեծ դրսեւորումներ: Հայր Մահֆուզ նաեւ նշեց համալսարանին նախաձեռնութիւնը` վերականգնելու հին ձեռագիրներն ու տպագիրները, «Փիւնիկ» լիբանանեան ուսումնասիրական կեդրոնին միջոցով: Իր խօսքի աւարտին, ան կրկին ողջունեց ամենապատիւ հոգեւոր տէրը եւ վերյիշեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի նուիրուած միջազգային ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ 2009-ին, Քասլիքի «Ս. Հոգի» համալսարանին մէջ:
Իսկ Զմմառու պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ եւ վանքի մեծաւոր` հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեան իր կարգին խօսք առաւ եւ նշեց Զմմառու պատրիարքական հիմնարկին մշակութային ու հոգեւոր մեծ նշանակութիւնը` անդրադառնալով մասնաւորաբար վանքին թանգարանին ու մատենադարանին, որոնք կը պարունակեն աւելի քան 1700 ձեռագիրներ (1500 ձեռագիր հայերէնով, իսկ մնացեալը` տարբեր լեզուներով): Մեծաւոր հայրը ներկայացուց դարաւոր վանքին զանազան բաժինները, որոնք մշակութային մեծ հարստութիւն մը կը հանդիսանան լիբանանեան ու արեւելեան մակարդակով: Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ, թէ «այն մշակոյթը, որ չի զարգանար, հիւանդագին է. մշակոյթ մը, առանց զարգացած մարդոց, չի շնչեր. մշակոյթը կը մեռնի, եթէ բացակայի ընկերութիւններէն եւ երկիրներէն. մշակոյթի անկումը սկիզբ է անտարբերութեան ծնունդին: Ժողովուրդները, հասարակութիւններն ու երկիրները առանց մշակոյթի` անտարբեր են եւ կը գտնուին իրենց ինքնութիւնը կորսնցնելու վտանգին առջեւ»: Զմմառու վանահայրը աւելցուց, որ այս ցուցահանդէսը նախաճաշակն է աւելի մեծ ցուցահանդէսի մը, որ տեղի պիտի ունենայ այս տարուան հոկտեմբերին Զմմառու վանքին մէջ, «Ուրբաթագիրք»-ի 500-ամեակին առիթով, վանքի նոր գրադարանի բացման առիթով:
Այս ցուցահանդէսը, որ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ Քասլիքի մէջ, առաջին անգամն է, որ հայոց գանձերուն կ՛անդրադառնայ: Նախապէս անդրադարձած է Լիբանանի «Մեծ էմիրներու»-ն, «Մարոնի, ասորի պատրիարքներու»-ն, իսկ այս անգամ Հայոց, մարզին մէջ քանզի առաջին հայերէն հնատիպին չանդրադառնալը մեծ կորուստ մը պիտի նկատուէր ընդհանրապէս Լիբանանի մշակութային մարզին մէջ: Ցուցահանդէսը, որ 31 մայիս 2012-էն մինչեւ 7 յունիս 2012 տեւեց, ընդգրկեց լիբանանահայ այլ մշակոյթի գործիչներու կարեւոր գործեր: Ինչպէս` Լուսին Գաբրիէլեանի մանրանկարչական գործերը, Շահէ Տէր Յարութիւնեանի իւղանկարները եւ այլոց:
Ցուցահանդէսի ընթացքին համերգով ելոյթ ունեցան լիբանանահայ երիտասարդներու խումբ մը եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքական «Կռունկ» երգչախումբը, որոնք առաւելապէս ճոխացուցին այս ցուցահանդէսը:

