«Մեսրոպեանի Օր»-ը Խաղերով, Գեղարուեստական Յայտագիրով Եւ Հաճելի Մթնոլորտով Միացուց Բոլոր Մեսրոպեանականները
7-րդ տարին ըլլալով, կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Նախկին սաներու միութեան եւ գործակցութեամբ վարժարանի տնօրէնութեան, Ծնողական յանձնախումբին ու Ս. Մեսրոպի սկաուտական խումբին, այսօր, երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ, վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեսրոպեանի օր»-ը` ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, նախկին մեսրոպեանականներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Վարժարանի երգչախումբի կատարողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեան վարժարանի քայլերգները լսելէ ետք, հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսաւար Փաթիլ Մկրտիչեան, որ ներկայացուց «Մեսրոպեանի օր»-ուան կարեւորութիւնն ու նպատակը: Իր կարգին, խօսք առաւ Մեսրոպեանի Նախկին սաներու միութեան ատենապետ տոքթ. Կոստան Եափուճեան, որ շեշտեց, թէ այս հաւաքը լաւագոյն առիթն է միասնաբար անցընելու հաճելի պահեր: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մասնակից դարձան այս ձեռնարկի յաջողութեան: Իսկ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ յայտնեց, թէ «Մեսրոպեանի օր»-ը վարժարանին համար կարեւոր առիթ մըն է, որուն ընթացքին բոլոր մեսրոպեանականները համախմբուելով` կը յիշեն անցեալը եւ զօրավիգ կը կանգնին վարժարանի յառաջիկայ աշխատանքներուն:
Բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք ելոյթ ունեցաւ Մեսրոպեան մարզամշակութային ակումբը, որ ներկայացուց քոնկֆուի ցուցադրութիւն, երկու պար, Յ. Թումանեանի «Կիկոսի մահը» թատրերգութեան ներկայացումը: Այս առիթով ակումբի պատասխանատու Անի Թորանեան ներկայացուց տարուած աշխատանքները եւ գնահատեց աշակերտներու քաջալերական մասնակցութիւնը:
Յայտնենք, որ դաշտի մուտքին ցուցադրուած էին Մեսրոպեան մարզամշակութային ակումբի քանդակագործութեան ճիւղի 25 քանդակներն ու լուսանկարչական եւ գեղանկարչական խումբերու ստեղծագործութիւնները: Մարզամշակութային ակումբի ցուցադրութեան յաջորդեց «Ֆապրիանօ» հաստատութեան պարգեւած գեղանկարչութեան իւրայատուկ մրցանքը, որուն ընթացքին վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ եւ գեղանկարչութեան ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեան բաժնեցին մրցանակները:
Ապա տեղի ունեցաւ կրկէսի զուարճալի ցուցադրութիւն, որմէ ետք վարժարանի բակին կողքին գտնուող դաշտին մէջ սկիզբ առին քերմեսն ու իւրայատուկ խաղերը: Այս մթնոլորտին վարժարանի ծնողական յանձնախումբը համադամ ուտելիքներ, զովացուցիչ եւ պաղպաղակ կը սպասարկէր ներկաներուն:
Զուգահեռաբար շարունակուեցան դասարանային ներկայացումները, որոնց ընթացքին վարժարանին աշակերտները անհատական թէ խմբային երգերով, պարերով, ասմունքներով եւ թատերական ներկայացումներով ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն: Ազատ բեմը առիթ հանդիսացաւ աշակերտներուն` բացայայտելու իրենց ձիրքերը:
Ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան ժամը 10:00: «Մեսրոպեանի օր»-ուան այս տարուան յատուկ ոճով տօնակատարութիւնը արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին` յառաջացնելով Մեսրոպեանի ընտանիքի բոլոր անդամներուն միջեւ անմոռանալի պահեր:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

