Հայեացք Եւրոպայէն. Երբ Ճանճերը Կը Փակեն Բերանս

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ

Այն օրը, երբ իմ բառերն հող էին,
Ես բարեկամ էի ցորենի հասկերուն,
Այն օրը, երբ իմ բառերն
բարկութիւն էին,
Ես բարեկամ էի շղթաներու,
Այն օրը, երբ իմ բառերն քարեր էին,
Ես բարեկամ էի ջուրին
Այն օրը, երբ իմ բառերն
ըմբոստութիւն էին,
Ես բարեկամ էի երկրաշարժին,
Այն օրը, երբ իմ բառերն թթու
խնձորներ էին,
Ես բարեկամ էի լաւատեսներուն
Սակայն այն օրը, երբ իմ բառերը դարձան մեղր,
Ճանճերը փակեցին իմ շրթները:

Արաբ նշանաւոր բանաստեղծ Մահմուտ Տարուիշի այս խօսքերը փոխ առնելով` կ՛ուզեմ մտածումներս բաժնել ժողովրդավարութեան մասին, այս անգամ` որպէս մտայնութիւն եւ առաջին  հարցումը կ՛ուղղեմ ինքզինքիս.  Ի՞նչ պիտի ըլլար իմ կեցուածքս բռնատիրութեան հանդէպ:

Ի՞նչ պիտի ըլլար ձե՛ր հակազդեցութիւնը, աշխարհի հայեր: Հայեր, որոնք տեսեր ու ապրեր են ե՛ւ օսմանեան, ե՛ւ թրքական, ե՛ւ արաբական աշխարհի բռնատիրական կարգերու տակ:  Ի՞նչ պիտի ըլլար հակազդեցութիւնը այն հայ մարդոց, որոնք հանգիստ կեանք կը վարեն արեւմտեան աշխարհի ընձեռած ազատութիւններու ներքոյ:

Դժուար հարցում է, սակայն իմ պատասխանս մէկն է.  բանալի բառը, դժբախտաբար, «յարմարիլն»-ն է:

20-րդ դարու փիլիսոփաներուն նուիրուած նոր աշխատասիրութեան մը մէջ վերջերս կարդացի Երրորդ Ռայխի ժամանակ գերմանացի մտաւորականներու եւ փիլիսոփաներու յարմարելու ձիրքին մասին:

Ակամայ կը մտածեմ, որ բռնատիրութիւնը կառավարման  կարգ ըլլալու կողքին, աւելի շատ մտայնութեան արտացոլում է, այնպէս` ինչպէս ժողովրդավարութիւնը արգասիք է յատուկ մտայնութեան:

Այնքան ատեն որ մեր դիրքորոշումները կ՛ընտրենք  յարմարելով «ջերմութեան ակունքներուն», համապատասխանեցնելով մեր ընտրութիւնները այդ ակունքներուն, այնքան ատեն որ կը խուսափինք դիմելու այնպիսի քայլերու, որոնք կրնան մեր անձին վնաս հասցնել, ապա բոլորս ալ անխտիր կը կրենք բռնատիրական մտայնութիւն, բոլորս ալ ներկուած ենք յարմարողի գոյներով` գորշ, մոխրագոյն:

Ժողովրդավարական ազատ կարգերու տակ  ապրող մարդոց մեծ մասը պատասխան չունի վերը նշած հարցիս: Մենք, սակայն, որպէս հաւաքականութիւն, պարտաւոր ենք այս հարցին տալ շտապ արձագանգ:

Ուրեմն ի՞նչ կ՛ընես, եթէ բռնատիրութեան տակ իյնաս: Ի՞նչ կ՛ընենք մենք` ամերիկահայերս, ֆրանսահայերս, քանատահայերս, մենք, որ մեր ազգային կառոյցներու (եկեղեցական խորհուրդ, կուսակցական կառոյցներ, հասարակական կազմակերպութիւններ)  ապա-ժողովրդավարական դրոյթներէն օր ու գիշեր կը դժգոհինք, բայց նաեւ բարեփոխելու նուազագոյն տրամադրութիւն չենք ցուցաբերեր:

Ամերիկացի բանաստեղծ, լրագրող Ուոլթ Ուայթմընին կը վերագրուի հետեւեալ խօսքը. «Այն պահուն, որ բռնատիրութիւնը հասնի ազատ Ամերիկա, մենք` ամերիկացիներս, զայն անվարան կը կոչենք ժողովրդավարութիւն»:

Մենք կը հաւատանք, որ պաշտպանուած ենք այնքան ժամանակ, որ պաշտպանութեան  տակ կը պահենք որոշակի փոքրամասնութիւններ եւ  խմբաւորումներ: Կը կարծենք, թէ գիտենք ու կը ճանչնանք  բռնատիրութիւններու աշխատելու ոճը, միջոցները:

Արթուն ըլլալը անկասկած շատ լաւ է, սակայն` վտանգաւոր, եթէ հանգիստ ու ձեռնածալ  մնանք եւ ուրախանանք մեր ժողովրդավարամիտ  ըլլալու հանգամանքով, այնքան ատեն որ վնասը մեզի չի հասնիր:

Բռնատիրութիւնը ճանչնալու համար բաւարար չէ իմանալ, թէ որո՛նք են ճնշուած խմբաւորումները: Բռնատիրութիւնը յատկանշական է նաեւ անոր համար, որ իր մէջ կը սնուցանէ խմբաւորումներ, որոնք կը ծափահարեն ու կը ծափահարուին իշխանութեան կողմէ, խմբաւորումներ, որոնք կը ծափահարեն ճնշումները եւ կը մասնակցին անտրամաբանական եւ պարտադիր միջոցառումներու որդեգրման: Օրինակները հեռու չեն. յիշէ՛ք հայ մտաւորականներու կեցուածքը Մաշտոցի այգիի պաշտպանութեան ելած երիտասարդներուն դէմ: Կրանտակերներ, սատանայապաշտներ, հիփփիներ, ապուշներ պիտակումները ուղղակի ամօթալի էին:

Հաւաքական մտածողութեան վրայ ազդելու հնարաւորութիւնները ունեցողները` մտաւորականները, որոնք բարոյականը օրակարգային կը դարձնեն իրենց գրութիւններով եւ մտքերով, անոնք, որոնք ճիշդն ու արդարը կը պարգեւատրեն նուէրներով, ոսկեայ մետալներով կամ այլ տիպի նիւթական վճարումներով, այդ նոյն մտաւորականները զինուած ու պատրաստ են մաքրելու կամ ինքնամաքրուելու այն օրը, երբ նոր կարգերը նոր իրադրութիւն կու գան պարտադրելու: Մեր «սուփըր» մտաւորականները պատրաստ են նոր երգ երգելու. երգելու այն երգը, որ հաճոյք կը պատճառէ նոր թագաւորին:

Այդ խմբաւորումներու անունները կարեւոր չեն, քանի անոնք ամէն օր անուն կը փոխեն, նպատակ կը փոխեն, սակայն մեր հաւաքականութեան կ՛առաջարկեն մշտապէս նոյն բանը: Այն, որ թշնամին մեր մէջն է, որ պէտք է պոկել մեր մարմնէն ու մեր «ճղճիմ ուղեղներէն»:

Բռնատիրութեան մեքանիզմը բարդ է, խեղաթիւրող: Անիկա չի յառաջանար մէկ օրուան մէջ, այլ մեր արեան մէջ կը ներարկուի կաթիլ առ կաթիլ, կը սրսկուի իբրեւ դեղ` արտակարգ միջոցառում ի պաշտպանութիւն արդարութեան: Բռնատիրութիւնը մեր իւրաքանչիւրի մէջ կը սերմանէ ու կը շահագործէ ուժեղին  դէմ տկարին պաշտպանելու մարդու  ներքին  բնազդը. շատ ուշ մենք կը սկսինք տեսնել անտեսանելին, այն թաքուն նշանները, որոնք ճանաչելի կը դարձնեն բռնատիրութիւնը, հագուստն ու կապը, կրծքանշանները, քանի որ  այս բոլորը պարուրուած են գեղեցիկի ու բարիի շղարշով, մետաքսի նման երազային, շաղի նման անրջային:

Եւ այսպէս, ժամանակի ընթացքին, պայմաններուն յարմարելու մեր «ձիրքը» կը դառնայ նախ մեքենական, ապա կը վերափոխուի հաւատարմութեան. հաւատարիմ եղիր քու թագաւորիդ, որովհետեւ ան է, որ կրնայ լուծել բոլոր խնդիրները, քանզի թագաւորը օդի նման անհրաժեշտ է բարիին համար, արդարին պաշտպանութեան համար:

Երբ կը փորձեմ պատկերացնել, թէ ինչպիսին կրնայ ըլլալ իմ սեփական հակազդեցութիւնս բռնատիրութեան հանդէպ,  պատասխանի փոխարէն` մէջս կը յառաջանան հարցադրումներ.

– Ուրիշի միտքերն ու աշխարհայեացքները ինչպէ՞ս  կը դիմակալեմ` լուռ զօրակցութեա՞մբ, թէ՞ կը հակադարձեմ փաստերով, ապացոյցներով:

– Ժողովրդավարական իմ հաւատամքը ի՞նչ բանի վրայ է խարսխուած. համոզմունքի՞ վրայ, թէ՞ արդիւնք է համակերպումի:

– Հաւատարիմ ու կառչած կը մնա՞մ ժողովրդավարական իմ համոզումներուս, նոյնիսկ այն պահուն, երբ այդ համոզմունքներս կը դառնան վտանգաւոր:

– Ի՞նչ կ՛ընեմ, երբ զիս նախ կը պարգեւատրեն ու յետոյ կ՛ակնկալեն, որ ես պարտադիր արդարացնեմ վերիններուն կեցուածքները եւ կը քաջալերեն ինքնագրաքննութիւնը:

– Ի՞նչ կ՛ընեմ, երբ կը սկսին հետս վերաբերիլ որպէս pariah «փրայա» (հասարակութենէն վտարեալ)

Իշխանութիւնները մարդուժի պակաս չունին: Միշտ կը գտնուին մարդիկ, որոնց համար ուրիշները ծաղրանքի առարկայ դարձնելը շահաբեր է: Միշտ կան մարդիկ, որոնք պատրաստ են ատելութեան արշաւի ձեռնարկելու, ամբաստանելու, ստորացնելու այլ մարդիկ` առանց փաստի կամ ապացոյցի, առանց բացատրութեան®

Բռնատիրութիւնը յարմարողականութեան գագաթնակէտն է, համակերպումի վերջին աստիճանը: Համակերպումի մտայնութեամբ կարիք չկայ վիճարկելու, արդարացնելու մեր քայլերը, այնտեղ հարցերը կը լուծուին պարգեւներով եւ պատիժներով: Մտքի բռնատիրութեան համակարգին տակ ապրող մարդը կողմնորոշուելու համար նախ կը ստուգէ,  թէ Ո՛Վ Է ԽՕՍՈՂԸ: Թէ ի՞նչ ըսաւ` կարեւոր չէ, կարեւորը ըսողին ինքնութիւնն է եւ ոչ թէ խօսքը:

Ժողովրդավարութիւնը, այո՛, մտայնութիւն է, բայց բռնատիրութիւնը եւս մտայնութիւն է: Եւ երբ մենք` միւսներս, մեծամասնութիւնս, կը լռենք, չենք ուզեր ձայն բարձրացնել, ապա մեր լռութեամբ  մեր շուրջ գործուած շղարշը կը վերածենք անյաղթահարելի հաստ պատերու:

Իսկապէս այն օրը, երբ իմ բառերս դառնան մեղր, ճանճերը կը փակեն իմ շրթները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES