Հայագիտութեան Անհրաժեշտութիւնը Միջին Արեւելքի Մէջ Եւ «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ը

ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ

Եթէ կ՛ուզենք հայագիտութեան եւ հայոց լեզուի կենսունակութիւնը պահել, եթէ համոզուած ենք, որ հայագիտութիւնը ընդգրկուած է մեր ազգային անվտանգութեան օղակին մէջ, ապա անհրաժեշտ է աշխուժ պահել կարգ մը գործօններ, ինչպէս`

ա- Հայատառ մամուլը,

բ- Հայերէն գիրքի հրատարակութիւնը,

գ- Տարեգիրքերու, հանդէսներու կամ պարբերականներու հրատարակութիւնը,

դ- Օտար հայագէտներու պատրաստութիւնը, մեր պարագային, Միջին Արեւելքի մէջ արաբ հայագէտներու պատրաստութիւնը:

Ընդհանրապէս հայագիտութիւնը կը դիտուի իբրեւ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող գիտական համակարգ մը, որ անհրաժեշտութիւն է այսօր նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ, քանի որ ան իր մէջ կը ներառէ հայութեան ինքնութեան դրսեւորումները եւ իր ճիւղաւորումներուն մէջ կ՛ընդգրկէ սփիւռքագիտութիւնը, որուն Հայկազեան համալսարանը նախաձեռնած էր մօտ անցեալին:

Ներկայ աշխարահաքաղաքական նոր փոփոխութիւններու բերումով հայագիտութիւնն ու սփիւռքագիտութիւնը կը դիմագրաւեն զանազան բնոյթի դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ, որոնց մասին իրապաշտ ձեւով անդրադարձ կատարուած է սոյն հանդէսի յառաջաբանին մէջ:

Միջին Արեւելք` արաբական աշխարհ հայագիտութիւնը մուտք գործած է կանուխ ժամանակներէ, սակայն հաւանաբար` անհատական, սիրողական եւ պատահական կարգով:

Նկատելի էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութենէն ետք հայագիտական հետաքրքրութիւններ յառաջացան կարգ մը արաբական ակադեմական շրջանակներու մէջ, ինչպէս նաեւ կարգ մը մտաւորականներու կամ պատմագիրներու շրջանակներու մէջ:

Հարկաւոր է այսօր այդ հետաքրքրութիւնը ճիշդ ուղղութեան մէջ դնել, աղբիւրագիտական տեսանկիւնէ անոնց աղբիւրներ եւ  մատենագիտութիւն տրամադրել եւ քաջալերել, որպէսզի հայագիտական թեմաներով ուսումնասիրութիւնները հրատարակութեան կոչուին:

Այլ ճակատի վրայ մենք լուրջ մարտահրաւէր կը դիմագրաւենք, երբ Միջին Արեւելքի մէջ աճ կ՛արձանագրեն թրքագիտութիւնն ու ազրպէյճանագիտութիւնը, եւ այս ալիքին դիմաց մեր առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ հայագիտութեան տարածման եւ ամրապնդման պայքար մղել արաբական աշխարհի եւ Միջին Արեւելքի ակադեմական եւ մտաւորական խաւերուն մէջ:

Պէտք է ընդունիլ, որ նոյնիսկ վերջին ժամանակաշրջանին արաբական երկիրներու մէջ հայագիտութիւնը, լայնածաւալ թափանցում չէ ունեցած արաբական ընկերութեան մէջ, ի դէպ, անհատներ` քիչ թիւով արաբ մտաւորականներ խորացած են հայագիտութեան մէջ, անոնցմէ կարելի է նշել Սուրիայէն` հայագէտ եւ թարգմանիչ Նիզար Խալիլին, Եգիպտոսէն Ռիֆաաթ Իմամը:

Այսօր արաբական աշխարհի եւ Միջին Արեւելքի մէջ չափազանց կարեւոր կը նկատեմ պատրաստել հայագէտներ, որոնք կրնան ձեւաւորուիլ որպէս ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հարստութիւն:

Վերջին ժամանաշրջանին Միջին Արեւելքի մէջ հայագիտական գոծունէութիւնը կը ներկայանայ գործող հայագիտական հաստատութիւններու ընդմէջէն, Հայկազեանէն բացի, ինչպէս, օրինակ, Եգիպտոսի մէջ 2007-էն գործող Գահիրէի համալսարանի կից Հայագիտական կեդրոնը, որ տարեկան գիտաժողովներ կը կազմակերպէ, ապա հայագիտական աշխատութիւնները արաբերէնով կը հրատարակէ յատուկ տարեգիրքով, ի հարկէ` Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպանատան աջակցութեամբ եւ տեղւոյն եգիպտահայերու ջանքերով:

Սուրիոյ պարագան տարբեր էր, քանի որ միայն անցեալ տարի է, որ Հալէպի համալսարանին մէջ բացուեցաւ հայոց լեզուի ուսուցման կեդրոն, ուր պիտի դասաւանդուէին արեւելահայերէնով նիւթեր: Սակայն դժբախտաբար ծրագիրը մնաց անկատար` երկրի տագնապալի պայմաններուն բերումով:

Միւս կողմէ, հարկ է անդրադառնալ դերակատարութեան մեր շրջանին մէջ հրատարակուած հայագիտական հանդէսներուն, որոնք կը փորձեն իրենց լուման ներդրել հայագիտական հայալեզու ուսումնասիրութիւններու բնագաւառին մէջ` սկսելով նոյնիսկ կարգ մը օրաթերթերու կամ շաբաթաթերթերու հրատարակած տարեկան բացառիկներէն (ինչպէս` «Ազդակ»-ը եւ ուրիշներ), որոնք, ըստ վերլուծաբաններու կ՛ընդգրկեն հայագիտական հատորներ եւ հայագիտութեան յառաջընթացէն անմասն չեն մնար: Օրինակ մը եւս` Բերիոյ հայոց թեմին հրատարակած «ՏԱԹԵՒ» Հայագիտական Տարեգիրքը, Պէյրութի «Հասկ հայագիտական տարեգիրք»-ը եւ մեր ձեռքը ունեցած «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ը:

Հայկազեանի հայագիտական ներկայ հանդէսը պարզապէս աշխատութիւններու կամ յօդուածներու ժողովածու մը չէ: Հանդէսը կը հրապարակէ գիտական չափանիշներով յօդուածներ, որոնք կ՛ընդգրկեն կարեւոր մասնագիտական ոլորտներ, ինչպէս` պատմութիւն (Հայաստանի ու Արցախի հատուածներով),  բանահիւսութիւն, գրականութիւն, Հայոց ցեղասպանութիւն,  մշակոյթ, լեզուագիտութիւն եւ այլն:

«Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ը կը բովանդակէ հայ եւ օտար հեղինակներու բազմաբնոյթ արժէքաւոր ուսումնասիրութիւններ հետեւեալ բաժիններով. յօդուած-ուսումնասիրութիւններ` քննարկումներ, հրապարակումներ, հաղորդումներ, գրախօսականներ, յուշագրութիւն եւ մահագրութիւն:

Յօդուածագիրները այս հանդէսին մէջ ընդհանրապէս շօշափած են որոշ խնդիրներ, որոնք առնչութիւն ունին անտիպ նամակներ վերծանելու, Հայկական հարցի, սփիւռքահայ մամուլի, միջնադարեան, դիւանագիտական եւ քրիստոնէացման խնդիրներու հետ:

Նկատելի է հանդէսի հրապարակումներու հեղինակներու աշխարհագրութիւնը` Հայաստան, Սուրիա, Լիբանան, Միացեալ Նահանգներ եւ այլն:

Այս բոլորը մեզի կը պարտադրէ ներկայ հանդէսին հրատարակութիւնը դիտել համազգային շրջագիծի մէջ` հաստատելով, որ «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ը իր նպատակին ծառայած է, այնքան ատեն որ ներգրաւած է սփիւռքի թէ հայրենիքի աշխատակիցներու նման խաւ մը, որ կը ներկայացնէ հայ մտաւորականութեան ներկայ պատկերը, եւ յաջողած է հայ ընթերցողին ու հետազօտողին մատուցել այժմէական կշիռք ունեցող նիւթեր:

Հանդէսին արժանիքը կը կայանայ Միջին Արեւելքի հայագիտական գործընթացի պարունակին մէջ, ուր ան կը ներկայանայ իբրեւ ցուցանիշ հայագիտութեան գոյատեւման եւ միեւնոյն ժամանակ կ՛իրականացնէ սփիւռք Հայաստան հայագիտութեան կամրջումի հանգամանքը:

Եկէք` խոստովանինք, որ այսօր «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ը կը հրատարակուի, երբ նուազած է հայ գիրքի տպագրութեան տոկոսը, երբ նուազած է հայ ընթերցողի քանակը, երբ նօսրացած են մեր գաղութները:

Սակայն մեզմէ կ՛ակնկալուի, որ մեր պարտքը կատարենք, ու ահաւասիկ Հայկազեանը իր հայագիտական պարտքը կատարած է:

Եթէ Յակոբ Մեղապարտը, մեկնելով ազգային ինքնութեան գործօնի գիտակցութենէն, նախաձեռնեց հայ գիրքի տպագրութիւնը, ապա Հայկազեանի հանդէսը նոյն խիզախութեամբ նախաձեռնեց այս տարուան հանդէսը` վերակենդանացնելով  հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին խորհուրդը:

Ինծի համար մեծ պատիւ էր ներկայացնել եւ ողջունել 2012 «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»ի հրատարակութիւնը, որ իրականացուած է համալսարանի նախագահութեան հովանաւորութեամբ եւ հանդէսի պատասխանատու խմբագիրին, խմբագրական կազմին, Խորհրդատուներու Մարմինին եւ Հայաստանի մէջ իր ներկայացուցիչին ջանքերով եւ միասնական գործունէութեամբ:

Կը շնորհաւորեմ հանդէսին հրատարակութիւնը` մաղթելով ուժ եւ կորով հայագիտական ջահը բարձր պահելու դժուար եւ սուրբ գործը շարունակելու համար:

 

6 յունիս, 2012

Արտասանուած` «Հայկազեան հայագիտական հանդէս»-ի ԼԲ. հատորի շնորհահանդէսին:

 

Share this Article
CATEGORIES