Էն. Պի. Էյ. Օքլահոմա Սիթի – Մայեմի Հիթ` 1-0
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի առաջին մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ, աւարտեցաւ Օքլահոմա Սիթիի (Թանտըր) յաղթանակով, որ 105-94 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Մայեմի Հիթը, 1-0 արդիւնքով գերազանցեց զայն:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ ի նպաստ Արեւմտեան շրջանի ախոյեանին նշանակեց 36 կէտ, մինչ Լեպրըն Ճէյմս (Հիթ)` 30 կէտ:
Երկրորդ մրցումը եւս, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը, պիտի կատարուի Օքլահոմա Սիթիի մէջ: Ապա յաջորդ երկու մրցումները տեղի պիտի ունենան Մայեմիի մէջ:
CATEGORIES Մարզական

