Թենիս. «Քուինզ Քլապ»-ի Մրցաշարք. Նալպանտեան Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը
Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Քուինզ Քլապ»-ի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան յաղթանակ արձանագրեց` 4-6, 6-2 եւ 6-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Վասեք Փոսփիլիսը: Անոնք առաջին անգամ ըլլալով իրարու դէմ յանդիման կու գային:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն Նալպանտեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ պելճիքացի Ռոպըն Փեմելմանս: Անոնք նախապէս իրարու դէմ յանդիման եկած չեն: Նալպանտեան կը գրաւէ 39-րդ դիրքը, իսկ անոր մրցակիցը` 131-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական

