Փինկ Փոնկ. Ատել Հաքիմի Անուան 2-րդ Միջազգային Մրցաշարք. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան Աւարտականի Բոլոր Մրցումները

Տեղի ունեցած մրցումներէն

Այսօր` հինգշաբթի, 14 յունիսին կ՛աւարտի Ատել Հաքիմի անուան փինկ փոնկի 2-րդ միջազգային մրցաշարքը, երբ Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի կ՛ունենան աւարտականի բոլոր մրցումները:

Յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին տեղի պիտի ունենայ 30 տարեկանէն վեր աւարտականի մրցումը: Յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին 40, 50 եւ 60 տարեկանէն վեր աւարտականի մրցումները: Իսկ ժամը 17:30-ին` զոյգի աւարտականի մրցումը:

Աւարտին տեղի պիտի ունենայ բաժակներու եւ մետալներու տուչութիւն:

Նշենք, որ մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 57 վեթերան մարզիկներ` Եգիպտոսէն, Պաղեստինէն, Սուրիայէն, Յորդանանէն, Սէուտական Արաբիայէն, Իրաքէն եւ բնականաբար Լիբանանէն:

Share this Article
CATEGORIES