Լողորդներ Քոլոյեան Եւ Բարսեղեան Պիտի Մասնակցին Լոնտոնի Ողիմպիական Խաղերուն
Հայրենի լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ Լողարշաւի միջազգային ֆետերասիոնը Լոնտոնի Ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու իրաւունք տուած է նախորդ տարի Շանկհայի մէջ տեղի ունեցած եւ աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցած 75 երկսեռ մարզիկներու:
Հայաստանի Ողիմպիական կոմիտէն կը յայտնէ, որ անոնց կարգին են Հայաստանի ներկայացուցիչներ Միքայէլ Քոլոյեան եւ Անահիտ Բարսեղեան: 31 յուլիսին Քոլոյեան պիտի մասնակցի 100 մեթր ազատ լողի մրցումներուն, իսկ 29 յուլիսին Բարսեղեան` 100 մեթր կռնակի լողի մրցումներուն:
Նշենք, որ Քոլոյեան ելոյթ ունեցած է նաեւ 2008-ի Պէյճինկի ողիմպիական խաղերուն:
Յաւելեալ երկու տոմսեր եւս ստանալով` Լոնտոն մեկնող Հայաստանի մարզիկներուն թիւը հասաւ 25-ի:
CATEGORIES Մարզական

