«Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնէական Միութիւնը Աւելի Քան Հրամայական Է Այսօր» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Երեքշաբթի, 12 յունիս 2012-ի առաւօտուն, բացումը կատարելով Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութեան ժողովին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց քրիստոնէական միութեան շօշափելի արտայայտութիւն տալու հրամայական անհրաժեշտութիւնը: Ան ըսաւ. «Պատմութեան պայմաններուն բերումով, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտութիւններուն առնչուած եկեղեցիներու ունեցած տարբեր մեկնաբանութիւններուն հետեւանքով բաժանման ճեղքեր յառաջացան եկեղեցիին մէջ: Ճիշդ է, եկեղեցին իր էութեամբ ու առաքելութեամբ մնաց նոյնը, եկեղեցիներու միութեան հիմքը մնաց անխախտ, սակայն աստուածաբանական ու դաւանական տարբեր մեկնաբանութիւնները եկեղեցիները իրարմէ հեռացուցին պատմութեան ընթացքին: Այսօր, շնորհիւ միջեկեղեցական շարժումին ու եկեղեցիներուն միջեւ զարգացող աստուածաբանական երկխօսութիւններուն, փոխադարձ հասկացողութիւնը եւ հիմնական հարցերու շուրջ համախոհութիւնը սկսած են դառնալ տիրապետող եկեղեցիներու յարաբերութեան ու գործակցութեան մէջ»:
Ապա վեհափառը այս ընդհանուր ակնարկէն ետք անդրադարձաւ Միջին Արեւելքին: «Յաճախ կը յիշեցնենք, թէ Միջին Արեւելքէն սկսաւ քրիստոնէական լոյսին տարածումը. դարձեալ Միջին Արեւելքէն սկսաւ քրիստոնէական բաժանումը: Արդ, անհրաժեշտ է, որ քրիստոնէական միութիւնը եւս սկսի Միջին Արեւելքէն: Սա մեծագոյն մարտահրաւէրն է այսօր եկեղեցիներուն դիմաց: Այս ծիրին մէջ, օրինակ, նոյն թուականին բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ Քրիստոսի յարութեան տօնախմբութիւնը տեսանելի արտայայտութիւն պիտի տայ քրիստոնէական միութեան` այս կերպով աւելի խորացնելով մեր հաւատացեալներուն միութիւնը, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական ներկայութեան ու վկայութեան նոր հունաւորում ու մղում պիտի տայ յաչս մեր շրջապատին», ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:
Վեհափառը նաեւ յիշեց Ղպտի եկեղեցւոյ Շնուտա Գ. պատրիարքին վախճանումը` շեշտելով, որ ան կարեւոր դեր ունեցած էր Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ: Իր խօսքի երկրորդ բաժինին մէջ, վեհափառը լայնօրէն անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ներքին կառոյցը եւ ծրագրային առաջնահերթութիւնները լուրջ բարեփոխութեան ենթարկելու անհրաժեշտութեան: Վեհափառը յատկապէս ըսաւ. «Եկեղեցիներու խորհուրդը անշարժ ու անդիմագիծ կառոյց մը չէ: Ան եկեղեցիներու հաւաքական վկայութիւնը, մտածողութիւնը եւ կեցուածքը արտայայտող կառոյց մըն է: Հետեւաբար, ան պէտք է համապատասխանէ, իր դրուածքով ու գործունէութեամբ, եկեղեցիներու կեանքին, կարիքներուն ու առաջնահերթութիւններուն, ինչպէս նաեւ` մեզ շրջապատող յարափոփոխ պայմաններուն»:
Ապա վեհափառը անդրադարձաւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն եւ ըսաւ. «Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդը չի կրնար անտարբեր մնալ այս փոփոխութիւններուն դիմաց: Խորհուրդին կառոյցը եւ առաջնահերթութիւնները պէտք է դառնան համահունչ ներկայ պայմաններուն: Շրջանին մէջ քրիստոնէութեան ներկայութիւնը ամրապնդելու ու անոր առաքելութեան նոր մղում տալու հրամայականը պէտք է դառնայ խորհուրդին առաջնահերթութիւնը: Հետեւաբար, այս մեկնակէտով պէտք է կատարուին մեր քննարկումները եւ ապա Գործադիր վարչութեան կողմէ տրուելիք որոշումները»:
Վեհափառին խօսքէն ետք իր տեղեկագիրը ներկայացուց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Փոլ Ռուհանա: Առաւելաբար աստուածաբանական վերլուծումով յատկանշուած իր տեղեկագիրին մէջ ընդհանուր քարտուղարը, իբրեւ յառաջիկայ տարիներու խորհուրդի առաքելութեան ընդհանուր ուղղութիւն, ընդգծեց հոգեւոր արժէքներու շեշտաւորումը, միջեկեղեցական գործակցութեան հրամայականը եւ ընկերային ծառայութեան վերակազմակերպումը: Ապա ան տեսակէտ պարզեց խորհուրդի վարչական կառոյցին առնչուած շարք մը հարցերու շուրջ: Ընդհանուր քարտուղարին տեղեկագիրը ենթարկուեցաւ լայն քննարկումներու:
Նոյն օրը յաջորդաբար իրենց տեղեկագիրները ներկայացուցին տնտեսական յանձնախումբը, ինչպէս նաեւ խորհուրդի ներքին կառոյցը բարեփոխութեան ենթարկելու կոչուած յանձնախումբը: Տնտեսական տեղեկագիրին մէջ յստակօրէն կը պարզուէր, թէ տակաւ աճող ծախսերուն դիմաց, խորհուրդը կը դիմագրաւէր նիւթական մուտքի լուրջ դժուարութիւններ: Այս ուղղութեամբ որոշուեցաւ դիմել կարգ մը գործնական քայլերու: Ինչ կը վերաբերի կառուցային յանձնախումբի առաջարկներուն, Գործադիր վարչութիւնը աւելի յստակ բացատրութիւններ պահանջեց կատարուած շարք մը առաջարկներուն գծով, որպէսզի կարենայ համապատասխան որոշումները տալ ժողովի յաջորդող օրերուն:

