Արեւմտեան Ասիոյ Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն. Լիբանան Յաղթեց Իրանի (74-69) Եւ Ապահովեց Ասիոյ Բաժակի Մրցաշարքի Իր Տոմսը
Երէկ` Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց 12-րդ ախոյեանութեան երրորդ օրը, Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` այս անգամ 74-69 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Իրանը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Լիբանան ապահովեց Ասիոյ բաժակի մրցաշարքի (Սթանքովիչի բաժակ) իր տոմսը, թէեւ այսօր կը կատարէ իր վերջին մրցումը այս մրցաշարքը հիւրընկալող խումբին` Յորդանանի դէմ, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին:
Նշենք, որ իր չորրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային, Լիբանան պիտի հանդիսանայ Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան:
Երէկուան մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 22-17, 35-39, 55-52 եւ 74-69:
Լիբանանի խմբապետ Ֆետի Խաթիպ նշանակեց 25 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ, մինչ անոր խմբակից Կառնեթ Թոմսըն` 26 կէտ եւ 9 ռիպաունտ:

