Քիրշան Իլիումժինով Լիբանանի Մէջ. ՖԻՏԷ – Լիբանանի Կրթութեան Նախարարութիւն Գործակցութեան Համաձայնագիրի Կնքում
Երէկ` չորեքշաբթի, 13 յունիսին, միօրեայ այցելութեամբ Լիբանան ժամանեց ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնի (ՖԻՏԷ) նախագահ Քիրշան Իլիումժինով: Նշենք, որ ան Պէյրութի միջազգային օդակայան ժամանած էր իր անձնական օդանաւով:
Նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք, ընկերակցութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Նեպիլ Պատըրի եւ ֆետերասիոնի անդամներուն, Իլիումժինով այցելեց Լիբանանի կրթութեան նախարար Հասսան Տիապի:
Նախարար Տիապի հետ հանդիպումը եղաւ շատ կարեւոր եւ շինիչ` նկատի ունենալով, որ ՖԻՏԷ – Լիբանանի կրթութեան նախարարութիւն գործակցութեան համաձայնագիր կնքուեցաւ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ:
ՖԻՏԷ-ն խոստացաւ անհրաժեշտ բոլոր օժանդակութիւնները տրամադրել, որ պետական դպրոցներուն մէջ այլ դասանիւթերու կողքին, դասաւանդուի նաեւ ճատրակը, որպէսզի անոր ընդմէջէն ի յայտ գան անուանի ճատրակ խաղացողներ, որոնք ապագային յոյս պիտի ունենան հասնելու միջազգային բարձր մակարդակներու:
ՖԻՏԷ-ի նախագահը, որ նոյեմբեր 1995-էն ի վեր կը վարէ այս պաշտօնը, շեշտեց այն կարեւոր կէտը, որ ճատրակը ուսուցանելով` պետական դպրոցներուն մէջ, Լիբանանի ճատրակի մակարդակը մեծապէս կը բարձրանայ եւ կը յառաջդիմէ:

