Տեսակէտ. Անհեթեթ Յանկերգ Մը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Հայ-թրքական կամ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին խօսելու ընթացքին յաճախ կը խօսուի «երկու կողմերու միջեւ վստահութեան ամրապնդում»-ին եւ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման առաջնորդող կամ նպաստող միջոցառումներու մասին: ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ Էյմոն Կիլմոր եւս ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութեան հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին այդ յանկերգը կրկնած էր եւ այդ ուղղութեամբ իրլանտական փորձառութիւնը վկայակոչած:
Այս թեզը պաշտպանող միջազգային կողմերը կը մոռնան, սակայն, որ հայ-թրքական եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութեանց պարագային խօսքը քաղաքացիական պատերազմի մասնակից կողմերու միջեւ փոխադարձ վստահութեան ստեղծման մասին չէ, այլ` զոհի եւ դահիճի միջեւ վստահութեան ստեղծման, ինչ որ անհեթեթութիւն մըն է:
Ի՞նչ կը նշանակէ զոհի եւ դահիճի միջեւ փոխադարձ վստահութիւն ստեղծել: Հայ-թրքական եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութեանց պարագային եթէ խօսքը այն մասին է, թէ զոհը վստահ պէտք է ըլլայ, որ դահիճը իր սպանդները պիտի չկրկնէ, դահիճին համար պահանջուածը ի՞նչ է. վստահ ըլլալ, թէ սպանդներ դիմագրաւելու պարագային զոհը ինքնապաշտպանութեան պիտի չդիմէ՞: Սակայն միայն ոչխարն է, որ իր հարազատին ճակատագիրին ականատես դառնալէ ետք, միամտաբար իր վիզը մսագործին կը յանձնէ, իսկ մենք ո՛չ ոչխարներ ենք, ո՛չ ալ միամիտներ: Միամիտը ան է, որ կը յուսայ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան, Սումկայիթի եւ Պաքուի արհաւիրքէն վերապրած հայը պիտի վստահի թուրքին, որ ոչ միայն իր ոճիրներուն համար ներում իսկ չէ հայցած, այլ նաեւ կը հերքէ կամ կ՛արդարացնէ զանոնք:

