«Սպաննուած Միլիոնաւոր Հայերը Յիշելը Իսրայէլի Բարոյական Պարտականութիւնն Է» Կ՛ըսէ Քնեսեթի Նախագահը
Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի Քնեսեթի նախագահ Ռեւին Ռիվլին երեքշաբթի օր Քնեսեթի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած քննարկումին ընթացքին յայտարարած է, որ Իսրայէլ պարտաւոր է յիշել շուրջ հարիւր տարի առաջ թուրքերուն կողմէ սպաննուած աւելի քան մէկ միլիոն հայերը: Ան զգուշացուցած է, որ ատիկա պէտք չէ թրքական կառավարութեան դէմ յարձակումի վերածուի:
«Մենք սպաննուած միլիոնաւոր հայերը յիշելու բարոյական պարտաւորութիւն ունինք: Սակայն հարցը քաղաքականացնելը արգիլուած է: Ատիկա Թուրքիոյ ներկայ վարչակարգին դէմ ուղղուած չէ: Մենք մեր ձայները պէտք է լսելի դարձնենք այն պարագային, երբ այլ ազգեր թիրախ կ՛ընտրուին», ըսած է ան:
Ռիվլին նշած է, որ անոնք, որոնք համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին հրէական հարցով որոշում տուին, կը մտածէին, որ աշխարհը պիտի լռէ, ինչպէս որ ատիկա տեղի ունեցաւ հայերուն պարագային: «Քնեսեթը չի կրնար այդ փաստը արհամարհել», ընդգծած է ան:
Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած լսումներուն կազմակերպիչը` «Մերեց» կուսակցութենէն Զահաւա Կալ-Օն կոչ ուղղած էր ի վերջոյ ճանչնալ ցեղասպանութեան փաստը: Ան նշած է, որ Ողջակիզումէն վերապրած հրեաները պէտք է աւելի զգայուն ըլլան այլոց հետ տեղի ունեցած աղէտներուն նկատմամբ:
Միակ երեսփոխանը, որ Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ արտայայտուած է` Ռոպըրթ Թիպայեւն է, որ նշած է, որ աւելի լաւ է հարցը պատմաբաններուն ձգել:
«Ճուիշ Ճըռնըլ» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ նիստին ընթացքին Իսրայէլի բնապահպանութեան նախարար Կիլատ Էրտան յայտարարած է, որ Իսրայէլ պէտք է իր քաղաքականութիւնը փոխէ եւ 1915-ի դէպքերը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնայ:
Էրտան, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի մտերիմ դաշնակիցն է, յայտարարած է, որ «ես կը կարծեմ, թէ շատ նպատակայարմար է, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնայ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ողջակիզումը»:
Քատիմա կուսակցութենէն երեսփոխան Նինօ Ապեսածէ ըսած է, որ «ցեղասպանութեան նման դէպքերը քաղաքականութենէն վեր են» եւ ընդգծած, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացումը իրարու պէտք չէ կապել:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Եիկալ Փալմոր ըսած է, որ Իսրայէլի պաշտօնական դիրքորոշումը «հայոց ողբերգութեան հարցին նկատմամբ կը մնայ այն, որ խնդիրը պէտք է լուծեն պատմաբանները, եւ ատիկա պէտք չէ քաղաքական բանավէճերու առարկայ ըլլայ»:


