«Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Մէջ Զինեալները Կը Զինեն» Կը Յայտարարէ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ այցելեց Թեհրան, ուր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ իր հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադառնալով Սուրիոյ տագնապին յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ զինեալները կը զինեն եւ անոնց կը տրամադրեն բազմապիսի զէնքեր, որոնք Սուրիոյ կառավարութեան դէմ կ՛օգտագործուին»:
Ան նշեց, որ «մենք թէ՛ սուրիացի ժողովուրդին, թէ՛ կառավարութեան ճակատագիրով մտահոգ ենք եւ չենք ուզեր, որ Սուրիան քայքայուի: Անիկա բարդ կացութիւն ունի, իսկ կարգ մը կողմեր կ՛ուզեն լիպիական բնորդը Սուրիոյ մէջ կիրարկել, հակառակ անոր որ լիպիական բնորդի հետեւանքները կը յամենան, եւ մինչեւ օրս կը շարունակենք անոնցմէ տառապիլ»:
Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը զգուշացուց ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրը ձախողութեան մատնելու ջանքերէն եւ Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց «երկխօսութեան սեղան նստելու»:
«Միջազգային բոլոր դերակատարները պէտք է Սուրիոյ վերաբերող խորհրդաժողովին մասնակցին», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով «Անանի ծրագիրին զօրակցելու եւ անոր գործադրութեան օգնելու»: Լաւրով նշեց, որ «այս առումով Իրանի եւ Ռուսիոյ տեսակէտները կը համընկնին»:
Սալեհի իր կարգին յայտնեց, որ «սուրիական տագնապին հարցով մեր տեսակէտը Սուրիոյ տեսակէտին մօտ է»` աւելցնելով, որ «սուրիական հարցը պէտք է լուծուի սուրիական ներքին կացութեան ծիրին մէջ»:
Ան եւս նշեց, որ «գոյութիւն ունին կողմեր, որոնք սուրիական ընդդիմութեան կ՛աջակցին զինեալներով, անոր միլիսներ կ՛ուղարկեն եւ պետութեան չեն արտօներ, որ բարեփոխումներ կատարէ»` շեշտելով, որ պէտք է Սուրիոյ առիթ տրուի քաղաքացիներուն իր տուած բարեփոխման խոստումները գործադրելու:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ արիւնահեղութեան դադրեցումին կը սպասենք»` յոյս յայտնելով, որ Սուրիոյ շուրջ միջազգային ժողովին մասնակցող երկիրները «Սուրիան իր տագնապէն խաղաղ կերպով դուրս բերող լուծում մը գտնելու համար իրենց կեցուածքները համակարգեն»:
Նշենք, որ բրիտանական «Տի Ինտիփենտընթ» օրաթերթը իր երէկուան թիւով գրեց, որ Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար թրքական գաղտնի սպասարկութեան միջոցով սուրիացի ընդդիմադիրները կը զինեն: Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ըստ սուրիացի ընդդիմադիրներուն, իրենք Թուրքիոյ սահմանակից Պապ Հաուա քաղաքին կը տիրեն:
Անգարայի մէջ արեւմուտքցի դիւանագէտներէն մէկը հաստատած է, որ սուրիական իշխանութիւնը իր կարգին իր յոյսը կապած է Ռուսիոյ եւ Իրանի աջակցութեան: Այս առիթով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն չորեքշաբթի օր ռուսական ուղղաթիռներու Սուրիա առաքման մասին մտահոգութիւն յայտնած էր: Ան Սուրիան զգուշացուցած էր նաեւ վերջին երկու օրերուն Հալէպի մօտ զօրքի կեդրոնացման հարցով: Քլինթըն այն կարծիքը յայտնած էր, որ այս զարգացումը կրնար իբրեւ «կարմիր երթուղի» (կարեւոր տեղեկատուութեան փոխանցման առանձնացուած գօտի) ընկալուիլ դրացի Թուրքիոյ կողմէ` «անոնց ռազմավարական եւ ազգային շահերուն հիմամբ»:
Մինչ Չինաստան Սուրիոյ մէջ կացութեան նկատմամբ խոր մտահոգութիւն յայտնեց, սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ «առնչակից կողմերը» Լաթաքիոյ Հաֆա շրջանին մէջ ապահովութիւնը վերականգնած են` նշելով, որ «առնչակից կողմերը» կը շարունակեն Հաֆան եւ մերձակայ շրջանները «ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներէն ձերբազատել» եւ հետապնդել «ահաբեկչական խմբաւորումները», «որոնց անդամներէն ոմանք սպաննուեցան, իսկ ուրիշներ փախուստ տուին»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, քաղաքացիական պատերազմ մը չէ, այլ ահաբեկչութեան դէմ պայքար: Նշենք, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի խաղաղապահ գործողութիւններու գծով տեղակալ Հերվէ Լատսուս երեքշաբթի օր յայտնած էր, որ Սուրիոյ մէջ արդէն քաղաքացիական պատերազմ տեղի կ՛ունենայ: Ան նշած էր, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը ընդդիմութեան զիջած է երկրի տարածքէն մեծ հատուածներ ու քանի մը քաղաքներ եւ կ՛ուզէ անոնց վրայ իր իշխանութիւնը վերականգնել:
ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն երէկ Սիտնիի մէջ յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ արտաքին զինուորական միջամտութիւնը տագնապի լուծման ճիշդ ձեւը չէ` աւելցնելով, որ ՕԹԱՆ կասկած չունի, որ Սուրիոյ մէջ միջազգային օրէնքի ոտնահարման պատասխանատուն սուրիական վարչակարգն է:
Նշենք, որ ՍԱՆԱ երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ դէպքերու մեղսակից դարձած, սակայն «ձեռքերնին արիւնով չներկուած» 500 ձերբակալեալներ երէկ ազատ արձակուած են:


