Թուրքիոյ Մէջ Լրտեսութեան Մեղադրանքով 51 Մարդիկ Ձերբակալուած Են
Իզմիրի Կազմակերպուած յանցագործութիւններու դէմ վարչութիւնը յատուկ գործողութիւն մը կատարելով ձերբակալած է 14 զինուորներ` լրտեսութեան մեղադրանքով:
Ընդհանուր առմամբ Իզմիրի, Պոլսոյ եւ Անգարայի մէջ ձերբակալուած է 51 հոգի: Խուզարկութիւններ կատարուած են զինուորական տարբեր կեդրոններու մէջ:
Ձերբակալուած 14 զինուորները կը ծառայէին Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան ցամաքային ուժերուն եւ ծովուժին մէջ:
Տարբեր զօրամասերու մէջ նոր լրտեսներու բացայայտման ուղղուած լայնածաւալ գործողութիւնը տակաւին կը շարունակուի:
CATEGORIES Միջազգային

