Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՏԻԿԱՆԸ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ 14-16 սեպտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ. պապը պիտի այցելէ Լիբանան:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երկխօսութեան յառաջիկայ նիստը 25 յունիսին ճշդեց` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Պրազիլ կատարելիք ճամբորդութեան պատճառով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերիք Փլամպլի յայտնեց, որ լիբանանեան գերիշխանութեան նկատմամբ յարգանքը առաջնահերթութիւն է: Ան աւելցուց նաեւ, որ լիբանանեան բանակին յաջողութիւնը երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումին համար կարեւոր է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ քաղաքական իրադարձութիւնները` շեշտելով երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն: Քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու զարգացումները:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կառչած կը մնայ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան, որովհետեւ զայն կը նկատէ փրկութեան օղակ մը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան համաձայն, պենզինի եւ մազութի թիթեղին սակը նուազած է 700 լ. ոսկիով:
ԱԶԳԱՅԻՆ պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի անդամ Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ լիբանանեան Ազգային երկխօսութեան նիստին ընդմէջէն է, որ կարելի պիտի ըլլայ զէնքին վերաբերող հասարակ յայտարարներու յանգիլ:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն եւ երեսփոխան Մարուան Համատէ մեկնեցան Փարիզ:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Լիբանան պաշտօնական հրաւէր չէ ստացած` Մոսկուայի մէջ Սուրիոյ տագնապին վերաբերող խորհրդաժողովին մասնակցելու:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը հիմնական է, որովհետեւ երկրին մէջ պետական հաստատութեանց պարագային անիշխանութիւն գոյութիւն ունի եւ այդ պատճառով ալ կառավարութիւնը իր պարտականութիւնները լիովին չի կատարեր:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կը գտնուի Ազգային երկխօսութեան նիստը իր ուղիէն շեղելու բոլոր փորձերուն ընդդիմանալու պարտաւորութեան տակ:
ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծին մասին քաղաքական համաձայնութիւն մը չկայ` աւելցնելով, որ այդ նախագիծը կէտ առ կէտ պիտի քննարկուի:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ, երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Հըզպալլա Իրանի անբաժանելի մէկ մասնիկն է:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան կողմէ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը պոյքոթի ենթարկելը փաստ մըն է, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը անկախ որոշումի տէր է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի մօտիկ աղբիւրներ հերքեցին շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Մուսթաքպալ հոսանքը կը մտածէ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկել:
ԻՇԽԱՆԱՄԷՏ քաղաքական ուժերուն համաձայն, Ազգային երկխօսութեան նիստին կայացումը ինքնին նուաճում մըն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ազգային երկխօսութեան նիստին իրենց մասնակցիլը հաւանական է, եթէ երկխօսութեան նախկին նիստերուն ընթացքին տրուած որոշումներուն գործադրութիւնը կարելի ըլլայ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ Ռիֆաաթ Իտ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ընդգծած է լիբանանեան բանակին դերակատարութեան կարեւորութիւնը` Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու առումով:

